
Լոս Անճելըսի «Մխիթարեան» վարժարանը, Սեպտեմբեր 7ին, 2010-2011 տարեշրջանի իր դռները բացաւ տնօրէն Յովհաննէս Խոստեղեանի հետեւեալ խօսքերով՝ ուղղուած սիրելի աշակերտներուն, յարգելի ծնողներուն եւ պատուական ուսուցիչներուն.
«Վերամուտի սեմին, խօսքս պատրաստելու համար մտածեցի թերթատել եւ կարդալ «Մխիթարեան» վարժարանի անցեալի տարեգիրքերը: Առաջին իսկ կողքը բանալուս, կարծես մտայ նոր աշխարհի մը մէջ: Այդտեղ՝ հայ մանուկին դաստիարակութեան սիրով յորդող հրաշալի կեանքն էր, որ դիմաւորեց զիս:
«Մխիթար Աբբահօր օրինակին հետեւելով մարզուինք կեանքի դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ուրախութիւնները դիմագրաւելու: Չընկճուինք առաջիններէն, ոչ ալ անյագ խնճոյքի նուիրուինք երկրորդներուն ազդեցութեան տակ: Յիշենք, որ նիւթական նեղութիւնները կամ կորուստը անցաւոր են եւ անպայման հատուցանելի:

«Կը մաղթեմ բեղուն տարի մը ձեզի, թանկագին աշակերտներ. «Մխիթարեան» վարժարանի առատ աղբիւրէն յագեցնէք ձեր գիտութեան ծարաւը, բայց մանաւանդ ըմպէք սէրը Աստուծոյ եւ հայրենիքին, հայ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ: Կը մաղթեմ ձեր նուիրեալ եւ հերոսական ուսուցիչներուն յարատեւութիւն, որպէսզի երբեք չդադրին գրելէ հայուն երգը՝ նման մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգ»ին:
«Կապենք մեր արօրները, հերկենք մեր մատղաշ սերունդին միտքն ու հոգին: Ցանենք այդտեղ առատ բուռով հայոց լեզուն եւ հանճարը: Երկնենք՝ մինչեւ նկարենք իւրաքանչիւրին մէջ նոր Մեսրոպներ, որ պատրաստ ըլլան դիմագրաւելու կեանքի բերած դժուարութիւնները եւ գտնեն անոնց լուծումը մեծ Հացեկացիին կորովի հոգիին օրինակով»:
Տնօրէնին սրտառուչ խօսքերով լիցքաւորուած եւ ոգեւորուած՝ աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ «հերկելու իրենց միտքն ու հոգին եւ ցանելու առատ բուռով Հայոց Լեզուն»:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)