ԼՈՆՏՈՆ.- «Austin & Macauley» հրատարակչատունը վերջերս լոյս ընծայած է Սերժ Մոմճեանի հեղինակած «Անցեալի յուշեր» (Memories of the Past) վէպին, որուն նիւթը կ՛առնչուի Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին իրարմէ բաժնուած մօր մը ու իր զաւակին վերամիացման: Հատորը տրամադրելի է «Ամազոն» համացանցային կայքին կողմէ:
Կանուխ տարիքին Լիբանանէն Անգլիա փոխադրուած Սերժ Մոմճեան լրագրող մըն է, որ նաեւ հեղինակած է երկու այլ վէպեր: Ան աշխատակցած է ու կ՛աշխատակցի «Daily Star», «Events» ու այլ թերթերու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.