ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻԱ.- 2009-2010 ուսումնական տարուան ընթացքին Աղեքսանդրիոյ «Պօղոսեան» Ազգային վարժարանէն միայն 6րդ դասարանը յանձնած է պետական քննութիւններ: «Այս տարի ո՛չ Գ. երկրորդական ունէինք, ո՛չ ալ Բ. երկրորդական, սակայն Զ. նախակրթարանի երեք աշակերտներն ալ արդարացուցին մեր յոյսերը», կ՛ըսէ վարժարանի տնօրէնուհի Շուշան Կանիմեան:
Աշակերտներ Նաթալի Թօփալեան եւ Արմէն Կիրիտլեան 98.7% արդիւնք ձեռք բերին, իսկ Տիգրան Պահարեանը՝ 96.9%:
2009-2010 ուսումնական տարեշրջանին «Պօղոսեան» կը յաճախէին 43 աշակերտներ: Գնահատելով անցեալ ուսումնական տարին՝ Կանիմեան կը նշէ. «Շատ ուրախալի եւ մեծ առիթ էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած եւ Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպանատան միջոցաւ իրականացուած Հայոց Լեզուի Օրը, որուն մասնակցեցան «Պօղոսեան» վարժարանի սաները՝ երգով եւ ասմունքով»:
Կանիմեան, որ 1991ին ստանձնած է տնօրէնի պաշտօնը, կը յիշատակէ, որ այժմ դպրոցը մեծ ոգեւորութեամբ կը պատրաստուի գալիք տարուան:
«Պօղոսեան» Ազգային վարժարանը հիմնադրուած է 1862ին Պօղոս-Պետրոս առաքելական եկեղեցւոյ կից՝ Պօղոս Պէյ Եուսուֆի նիւթական միջոցներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.