ԱՐՏԱՇԱՏ, «Արմէնփրէս».- Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 100ամեակին առիթով, Վետիի ՀՕՄի գրասենեակին կողմէ 2010ի Հոկտեմբերին, Խոր Վիրապի մէջ կը կազմակերպուի յիշատակի եւ մատաղի արարողութիւն: Ըստ Վետիի ՀՕՄի գրասենեակի ատենապետուհի Հռիփսիմէ Յարութիւնեանին, վերոյիշեալ արարողութիւնը կը կատարուի վերագնահատելու համար ՀՕՄուհիներուն կատարած բարեգործութիւնները՝ 1915ին Թուրքիոյ մէջ իրականացած Եղեռնէն ազատած հայերուն նկատմամբ:
Հ. Յարութիւնեանի տեղեկութիւններով, վերջերս ազատամարտիկներու միակողմանի եւ երկկողմանի ծնողազուրկ 35 երեխաներու համար ՀՕՄը իրականացուցած է իր աշնանային դրամաշնորհը՝ Փարիզի բարերարներուն կողմէ. երեխաները ստացած են 200-300 տոլար: Նշենք, որ ՀՕՄը նման դրամաշնորհներ կ՛իրագործէ տարեկան 8-9 անգամ. նոյն կարգավիճակին մէջ գտնուող ուսանողները բարերարներուն կողմէ եւս կը ստանան կրթաթոշակ, իսկ ՀՕՄի երեւանեան գրասենեակը առաջնակարգերուն գումարներ կը յատկացնէ իր սեփական միջոցներէն:
Դրամաշնորհին օրը ՀՕՄի կեանքին մէջ նշանաւոր դարձած է նաեւ Արարատ քաղաքին մէջ 12 անդամներէ բաղկացած նախաձեռնող խումբին ստեղծումով:
Հ. Յարութիւնեան նաեւ նշած է, որ կը գործէ «Երբ գալիս է Սեպտեմբերը» ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս, վերջին տարիներուն մարզի 400 երեխաներ նուէրներ ստացած են:
Հոկտեմբերի վերջը ՀՕՄի կեդրոնական գրասենեակը կը ծրագրէ 100ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններ կազմակերպել հանրապետութեան մէջ: Այդ առթիւ հիւրեր պիտի ժամանեն ԱՄՆէն: Հոկտեմբեր 12ին Հայաստանի բոլար մասնաճիւղերու ՀՕՄուհիները պիտի այցելեն Եռաբլուր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախեան ազատամարտի նահատակներուն յիշատակին, այնուհետեւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ պիտի տնկեն 100 եղեւնիներ՝ ի պատիւ ՀՕՄի 100ամեակին, ուր իւրաքանչիւր ծառ կը կրէ հովանաւոր մասնաճիւղի անունը:
ՀՕՄը իր շուրջ հաւաքած է հայ կանանց՝ օգնելու համար տնտեսապէս անապահով մարդկանց, օրինակ ունենալով միջազգային «Կարմիր Խա»չը: ՀՕՄը աշխարհի մէջ ունի 14,907 անդամ, 221 մասնաճիւղ՝ 26 տարբեր երկիրներու մէջ: