ՌԻԹԱ ՀԻՆԴԼԵԱՆ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկայի տարածքէն մասնագէտներ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեան եւ Ֆրեզնոյէն նահանգային դատաւոր Հուրի Սանտըրսըն քննարկեցին հայ կնոջական ամէնէն հին բարեսիրական կազմակերպութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան աշխատանքները, Սեպտեմբեր 18ին, «Եու.Էս.Սի.» համալսարանի (University of Southern California) «Թաուն էնտ Կաուն» սրահէն ներս, աննախընթաց գիտաժողովին ընթացքին:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի շրջանային վարչութեան եւ համալսարանի Հայկական հիմնարկին կողմէ միասնաբար կազմակերպուած գիտաժողովը, որ սկսաւ փրոֆ. Հրայր Տէքմէճեանի բացման խօսքով, առիթ տուաւ, որ ՀՕՄի պատմութիւնն ու զանազան մարզերէն ներս անոր վաստակը, ինչպէս նաեւ անոր ապագայ գործունէութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները քննարկումի առարկայ դառնան:
Շաբաթ օրուընէ մինչեւ Երեքշաբթի օր 800 հոգի համացանցի միջոցով կապուած մնացին գիտաժողովին ու ծրագիրի առաջին կէսին հետեւեցան ՀՕՄի Գանատայի շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Գինկսթըն»ի սեմինարին հարիւր մասնակցողները: ՀՕՄի կայքէջով շատերը կը շարունակեցին դիտել գիտաժողովին նիստերը (www.arswestusa.org եւ www.justin.tv/arswusa):
Գիտաժողովին ներկայ եղան 350 անձեր, որոնց կարգին՝ հոգեւորականներ, ակադեմականներ, ուսանողներ, ամերիկեան եւ հայկական կազմակերպութիւններու ու քաղաքական դէմքերու ներկայացուցիչներ, նաեւ 18 մասնաճիւղերէ ՀՕՄուհիներ, որոնց հեռաւորագոյնը եկած էր Աւստրալիայէն: Հիւրերու կարգին էին՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, Աշոտ քհնյ. Քամպուրեան, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան եւ անդամ Նովա Հինտոյեան, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեան, դոկտ. Սիմոն Սիմոնեան, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեան՝ իր վարչականներով, նախագահ Ուիլսընի ժառանգորդներէն՝ Տանըլտ Ուիլսըն Պուշ, ներկայացուցիչներ՝ Հայ արհեստավարժներու եւ Ամերիկեան կարմիր խաչի կազմակերպութիւններէն, նաեւ «Եու.Էս.Սի.»ի շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ներկայացուցիչ Մերի Յովակիմեանը եւ փաստաբան Աշոտ Մուրատեանը:
Գիտաժողովին ընթացքին յայտնաբերուեցաւ, որ գիտաժողովին դասախօսներէն շատեր անձնապէս օգտուած են ՀՕՄի կազմակերպած ծրագիրներէն, անոր տրամադրած ուսանողական կրթաթոշակներէն: Իւրաքանչիւր երկու դասախօսութենէ ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին՝ առիթ տալով, որ դասախօսները լսեն կարծիքներ եւ յաւելեալ նիւթեր փոխանցեն: Երիտասարդներու եւ ուսանողներու մասնակցութիւնը այս բաժինին մեծապէս քաջալերելի էր:
Առաջին դասախօսը՝ դոկտ. Անի Մուղամեան էր, որուն մասնագիտութիւնը կրթական հոգեբանութիւն է «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանէն (University of California, Los Angeles). ներկայիս ան կը գործէ իբրեւ երէց գիտաշխատող Սան Ֆրանսիսքոյի «WestEd» ընկերութեան մէջ: Ան ներկայացուց ՀՕՄի մշակութային պահպանման գործունէութիւնը: Բացատրելէ ետք, թէ ինչպէ՛ս ՀՕՄը հարազատ մնացած է իր նպատակներէն՝ հայկական մշակոյթի փոխանցումին, ան թելադրեց, որ մշակութային ծրագիրները մաս կազմեն կրթական ծրագիրներու եւ այնպիսի ձեւաւորում ստանան, որ նոր սերունդի պէտքերուն եւ ապագայի նպատակներուն համապատասխանեն՝ օգտագործելով արհեստագիտական վերջին նորութիւնները (օրինակ՝ social networking) եւ իրարու կապելով տարբեր գաղութներն ու հայրենի երիտասարդութիւնը:
Երկրորդ դասախօսը՝ դոկտ. Փօլ Նարկիզեանը, վկայուած է «Եու.-Էս.Սի.» համալսարանէն եւ կը դասաւանդէ կենսաբանական գիտութիւն եւ կրթութիւն «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանէն ներս: Ներկայացնելէ ետք ՀՕՄի կրթական նպատակները եւ ծրագիրները, որոնց կարգին՝ Ամերիկայի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու 19 շաբաթօրեայ դպրոցներու բաղդատականը, Նարկիզեան դիտել տուաւ որոշ դժուարութիւններ, օրինակ՝ Հայաստան-Արցախ ծրագիրներու հետ կապուած Ամերիկեան տոլարի արժէքին անկումը, կամ Արցախի բնակչութեան տեղափոխութիւնները, որոնք կը ստիպեն յաւելեալ կամ տարբեր ներդրում ունենալ շրջանէն ներս: Ան անդրադարձաւ ՀՕՄի բերած կրթական ընդարձակ նպաստին՝ ԱՄՆի, Գանատայի, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ Արցախի 11 շրջաններու «Սօսէ» 12 մանկամսուրներուն: Ան թելադրեց, որ դասաւանդութիւնները ծրագրուին յայտնաբերութեամբ սորվելու մօտեցումով, որպէսզի գիտական եւ ուսողական նիւթերու եւ այլ նիւթերու միջեւ խրամատը փոքրանայ, ինչպէս նաեւ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործուի արհեստագիտութիւնը (technology):
Երրորդ դասախօսը՝ դատաւոր Հուրի (Ալանճեան) Սանտըրսընն էր, որ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Արնոլտ Շուարցնեկըրի կողմէ նշանակուած է Ֆրեզնոյի դատարանին մէջ, ուր կը դատէ քրէական յանցագործութիւններ: Ան ՀՕՄի անդամ եղած է եւ մաս կազմած է մասնաճիւղային, շրջանային եւ կեդրոնական վարչութիւններու: Ներկայացնելով մարդասիրական օգնութեան (philanthropy) նիւթը՝ ան հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց «World Giving Index»ի նուիրատուներուն եւ նուիրատուութիւններուն մասին, ապա շեշտեց, թէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է նիւթական եւ բարոյական ձեւով օգնութեան հասնիլ փոքր տարիքէ, եւ արժեւորեց իւրաքանչիւր անհատի բարեգործութիւնը («The power of one»): Ընկերուհին դիտել տուաւ, թէ բարեգործութեան պէտքը տնտեսական անարդարութեան պատճառով է եւ օգնութիւն տալու կողքին, պէտք է աշխատիլ այդ անարդար պայմանները բարելաւելու, որպէսզի կարիքը վերանայ:
Յաջորդ դասախօսին՝ Ուիլեըմ Պայրամեանին նիւթն էր՝ ղեկավարութիւն (governance): Ան Մագիստրոսի վկայական ստացած է «Քոլոմպիա» համալսարանէն՝ միջազգային եւ հանրային հարցերու բաժանմունքէն: Ան ստացած է ՀՕՄի «Երէմեան» կրթաթօշակը, իսկ ՀՕՄի գիտաժողովը իր առաջին փորձառութիւնն էր՝ իբրեւ զեկուցաբեր: Պայրամեան ներկայացուց ՀՕՄի համահայկական կառոյցը եւ անոր կեդրոնական վարչութեան անդամներու շրջաններն ու անոնց ներկայացուցչական բնոյթը բարեփոխելու տարբերակներ: Ան շեշտեց, որ որոշում առնողները պէտք է համեմատականօրէն ներկայացնեն իրենց շրջանները՝ այդ շրջաններու անդամներուն թիւը համապատասխան դարձնելով վարչականներու թիւին:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, խօսք առնելով՝ շնորհաւորեց գիտաժողովի կազմակերպիչները, շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսներուն եւ մասնակցողներուն, նշելով, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս 2010 տարին հռչակեց «Հայ Կնոջ տարի»՝ վեր առնելով հայ կնոջ դերը, ներառեալ անոր դերը իբրեւ կամաւոր ծառայող: Սրբազանը ՀՕՄի 100ամեակի առիթով գնահատեց եւ օրհնեց ՀՕՄի անդամներուն նուիրեալ աշխատանքը, ապա կատարեց սեղաններու օրհնութիւն:
Կազմակերպիչ յանձնախումբէն Թամար Մահշիկեանը բացատրեց, թէ ՀՕՄը, պատմականօրէն Կարմիր խաչ ըլլալով՝ արիւնարշաւներով եւ աղէտներու օգնութեամբ կ՛օժանդակէ Ամերիկայի Կարմիր խաչին: Ան ներկայացուց Փօլ Շուլցը, որ Ամերիկեան Կարմիր խաչի մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի պատասխանատու վարիչն է (CEO), որ «Եահու» ընկերութեան համար աշխատած ընթացքին նկատած է, թէ ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւններէ ներս աշխատող իր բարեկամները աւելի ուրախ էին իրենց գործերով: Շուլց դիտել տուաւ, թէ Ամերիկեան Կարմիր խաչէն ներս ալ կիները կարեւոր դեր ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ: Ան նշեց տարեց եւ երիտասարդ կամաւորներու հետաքրքրութիւններու եւ յարաբերութիւններու միջոցներուն տարբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, թէ հետեւողական նիւթական ապահովումը, ոչ աղէտեալ տարիներուն, յատուկ դժուարութիւններ կը ստեղծէ Կարմիր խաչին համար: Ան նաեւ շեշտեց կամաւորներու պէտքերուն աչալուրջ ըլլալու կարեւորութիւնը, որպէսզի աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուի:
Թէեւ Յարութ Սասունեանը աւելի շատ ճանչցուած է իր շաբաթական բազմալեզու յօդուածաշարքով, ան նաեւ խմբագիրն է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթին ու տնօրէնը՝ Հայկական միացեալ ֆոնտին, նաեւ երէց փոխատենապետն է «Լինսի» հիմնարկին: Ան ՄԱԿէն ներս տասը տարի մարդկային իրաւունքներ պաշտպանած է, մինչեւ 1988, ուստի իր այդ փորձառութենէն հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն: Նիւթ ունենալով ՄԱԿը եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները՝ ան դիտել տուաւ, որ ՀՕՄի ՄԱԿէն ներս խորհրդակցական վիճակին հասնիլը նպատակայարմար է, եւ ՄԱԿը պիտի օգտուի ՀՕՄի 100ամեայ փորձառութենէն: Ան աւելցուց, որ ՀՕՄը պէտք է համաձայնութիւններ հաստատէ ոչ-կառավարական այլ կազմակերպութիւններու հետ եւ օգտագործէ ՄԱԿը՝ իբրեւ միջազգային բեմ մը:
Խաչիկ Մուրատեանը, որ արեւելեան ափի «Armenian Weekly»ի խմբագիրն է եւ իր բարձրագոյն ուսումը կը հետապնդէ «Քլարք» համալսարանի ցեղասպանութեան բաժանմունքէն ներս, ներկայացուց ՀՕՄի պատմութիւնը: Իր արխիւային պրպտումներէն՝ նկարներով, յօդուածներով եւ այլ փաստաթուղթերով համապարփակօրէն ներկայացուց ՀՕՄի հիմքերը եւ իր նպատակներուն հարազատ ծառայութիւնը: Ան դիտել տուաւ, թէ ՀՕՄը լոկ օգնութիւն բաժնող միութիւն մը չէ եղած, այլ ապրած է պատերազմներ ու աղէտներ, որոնց ընթացքին իր օգնութիւնը տրամադրած է: Մուրատեան եզրափակեց ըսելով, թէ Տէր Զօրէն սկսեալ հայ կիները վերանորոգեցին ազգը եւ ՀՕՄը կարեւոր դեր մը ունէր այդ աշխատանքին մէջ:
Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանը «Սթենֆըրտ» համալսարանի փաստաբանական եւ քաղաքական գիտութիւններու ճիւղերը աւարտած է, ՀՕՄի անդամակցած է երիտասարդ տարիքէն, անդամակցած է ՀՕՄի ՄԱԿի յանձնախումբին, եւ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի շրջանային վարչութեան փոխատենապետուհին է: Տէրտէրեանի նիւթն էր՝ կիներու հեղինակութեան, իրաւասութեան, ինքնավստահութեան եւ ուժականութեան ընկալումը (Empowerment): Ան օրինակներով ցոյց տուաւ, որ հայ կիները որբերուն հագուստեղէն տրամադրեցին, ձեռագործներով հայ մշակոյթը փոխանցեցին, սկաուտութեան առիթը տուին աղջիկներուն, հրատարակութիւններով քաջալերեցին կիներու զարգացումը, կամ անուշեղէն շինելով իրենց ապրուստը շահելու ձեւ գտան: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ միութիւնը եւ իր անդամները իրարու ուժականութիւն փոխանցեցին եւ ժամանակը հասած է, որ այդ մէկը փոխանցուի նաեւ նոր սերունդին:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան շնորհակալական խօսքով նշեց, որ ՀՕՄը միայն միութիւն մը չէ, այլ՝ ՀՕՄի անդամներուն համար ընտանիքին մէկ մասը, եւ դրուատեց բոլոր դասախօսները, կազմակերպողները, պաշտօնէութիւնը, նուիրատուները եւ ներկաները, որոնց միացեալ ջանքերով պատմութիւն կերտուեցաւ:
Դոկտ. Տէքմէճեան վերյիշեց իր երտասարդական օրերէն ՀՕՄի բարի յիշատակը, ապա յոյս յայտնեց, որ գիտաժողովը իր օգտակարութիւնը կ՛ունենայ եւ մաղթեց, որ ՀՕՄը ապագային եւս շարունակէ իր կրքոտ ու նուիրեալ ծառայութիւնը:
Գիտաժողովի մասնակցողները, մանաւանդ երբեմն տարակուսանքով մօտեցողներու խումբ մը, արդէն իսկ հաստատակամ քայլերով կը միտի մասնակցիլ ՀՕՄի ազգօգուտ ծրագիրներուն:
ՀՕՄի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը: