ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի (Տես կողքի լրատուութիւնը) տարօրինակ զօրակցութիւնը՝ դիւանագէտ Պրայզայի վարկաբեկուած թեկնածութեան, կը քննադատուի իրաւաբան, «Մեսրոպեան» վարժարանի տնօրէն Սեդօ Պոյաճեանի կողմէ:
Ստորեւ՝ պրն. Պոյաճեանի նամակը (թարգմանուած)՝ յղուած «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի խմբագրութեան:
Ձեր խմբագրականին մէջ Մեթիու Պրայզայի արուեստական դրուատումը կրնայ բացատրելի ըլլալ. սակայն, այդ դատարկապորտ դիւանագէտին բարոյազուրկ եւ կողմնակալ գործունէութեան գծով ձեր ճարահատ պաշտպանողականը այնքա՛ն լի է ժահրով, որ ընթերցողը կը մղէ մտածելու ձեր թերթին շահակցականութեան մասին՝ ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու շահերուն:
Այս հարցին մէջ ձեր թերթի կեցուածքին տխրագոյն բաժինը այն է, որ դուք դիտմամբ կը խեղաթիւրէք ԱՄՆի շահերը՝ ի պաշտպանութիւն մոլորեալ դիւանագէտի մը, որուն անցնող տասը տարիներուն Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ցուցաբերած գործունէութիւնը հանդիսացած է ձախաւերութիւններու շարան մը՝ ի վնաս Ամերիկայի ազգային շահերուն:
Երկու քաջարի ծերակուտականներու՝ Քալիֆորնիայէն Պարպարա Պաքսըրի եւ Նիւ Ճըրզիէն Ռապըրթ Մենենտեզի, դէմ ձեր թերթին զայրոյթը թէ՛ անարդար է եւ թէ անտեղի: Երբուընէ՞ ի վեր է, որ օրէնսդրականի մը՝ իր շրջանի քաղաքացիներու մտահոգութեան անսալու ժողովրդավարական կիրառումը վերածուած է քաղաքական մուրացկանութեան: Քաղաքական մուրացկանութիւն պիտի ըլլար այն ատեն, երբ այս երկու ծերակուտականները անսային Պաքուի քարիւղի շահերուն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ձեր թերթը կը կատարէ այս առթիւ:
Վերջապէս, պրն. Պրայզայի, ինչպէս մեր դիւանագէտներէն ոեւէ մէկուն պաշտօնական «կապերը» Ատլանտեան ուխտի դաշնակիցի մը հետ, երբեք մտահոգութիւն չէ եղած: Սակայն պրն. Պրայզայի անձնական կապերը եղած են ու պէտք է ըլլան մտահոգութիւն: Ի վերջոյ, պրն. Պրայզան Ատրպէյճանի մէջ պէտք է ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու եւ ոչ թէ իր անձնական շահերը: Ճիշդ այս պատճառով է, որ ծերակուտական Պաքսըր եւ Մենենտեզ կասեցման ենթարկեցին անոր նշանակումը:
Պրն. Պրայզայի անձնական շահերը Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն հետ շփոթելը անվայել է «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի նման թերթի մը: