ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տուեալներուն, Հոկտեմբեր 6ին, նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ գերատեսչական շքանշաններով պարգեւատրուած են խումբ մը զինուորական ծառայողներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրամանով, մարտական յենակէտին մէջ իրենց ցուցաբերած խիզախութեան համար, գումարտակի հրամանատար Գէւորգ Գրիգորեան պարգեւատրուած է «Գարեգին Նժդեհ» շքանշանով, աւագ հրամանատար Տիգրան Գեղամեան՝ «Անդրանիկ Օզանեան» եւ պայմանագրային զինուորական ծառայող, շարքային Սօս Քէշիշեան՝ «Դրաստամատ Կանայեան» շքանշանով:
Յանձնելով պարգեւները՝ Սէյրան Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնած է զինուորական ծառայողներուն ցուցաբերած կամքին եւ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ բարդ իրավիճակի մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու անոնց կարողականութեան համար, եւ յաջողութիւն մաղթած է անոնց: