Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ականջաբզզիւնը (tinnitus) ականջին մէջ կամ ականջին շուրջը լսուած ձայն մըն է: Tinnitus բառը կ՛ուգայ լատիներէն, tinire բառէն, որ կը նշանակէ՝ զանգել (ring):
Ականջաբզզիւնը հիւանդութիւն մը չէ, այլ ան ախտանշանն է շատ մը հիւանդագին երեւոյթներու եւ ան կրնայ ըլլալ առաջին եւ միակ ախտանշանը վտանգաւոր եւ լուրջ հիւանդութեան մը: Ան յաճախ անբաժան մէկ ընկերն է լսողութեան տկարութեան եւ գլխապտոյտին:
Ականջաբզզիւնը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, սակայն առաւելաբար տարեցներու մօտ: Տեսնուած է որ մարդկութեան մէկ երրորդը կը գանգատի ականջաբզզիւնէ: Հի-ւանդներուն 80 տոկոսը կ՛ունենան զուգահե-աբար լսողութեան տկարացում: Յայտնի փաստաբան եւ գծագրիչ՝ Ժորժ Քադլին, որ տառապած է լսողութեան տկարացումէ եւ ականջաբզզիւնէ ըսած է. «Ինչ որ կը փափաքիմ լսել չեմ լսէր եւ այն ինչ որ չեմ ուզեր լսել պարտադրուած եմ լսել»:
Ականջաբզզիւնը կրնայ ըլլալ միակողմանի կամ երկկողմանի համաձայն անոր դրդապատճառներուն: Ան կրնայ ըլլալ շարունակական կամ ընդմիջումներով ու տարբեր ուժգնութեամբ՝ մեղմ կամ զօրաւոր: Երբ ան մեղմ է՝ լսելի կ՛ըլլայ միայն շրջապատի լռութեան պարագային. երբ ան զօրաւոր է եւ շարունակական՝ լսելի կը դառնայ նոյնիսկ աղմկոտ շրջապատի մէջ եւ կը պատճառէ ջղագրգռութիւն ու կը դառնայ նեղացուցիչ:
Հիւանդներ իրենց ականջաբզզիւնը կը նկարագրեն իբրեւ՝ թաւ, մեղմ, զօրաւոր, զիլ, մնայուն, ընդմիջումներով, ժամանակաւոր, սուլող (hissing), զանգակային-հնչող (ringing ), թեթեւ, բաբախող (pulsating), տրոփող (throbing) եւ ֆշշացող եւ ելեւէջային (fluctuating) ձայն:
Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը առաւելաբար կը գանգատին ականջաբզզիւնէ գիշերները, երբ շրջապատի ձայները եւ աղմուկը նուազագոյն ուժգնութիւն ունին. իսկ օրուայ ընթացքին անոնք աւելի հանգիստ կը զգան եւ չեն նշմարէր ականջաբզզիւնը՝ շրջապատի աղմուկին գոյութեամբ:
Ականջաբզզիւնը յաճախ կ՛անտեսուի որոշ հիւանդներու կողմէ՝ վարժութիւն դարձած ըլլալուն պատճառով: Շարունակական, զօրաւոր եւ անտանելի ականջաբզզիւնի պատճառով շատ քիչ հիւանդներ կը զարգացնեն իրենց մէջ՝ ջղային վիճակ եւ հոգեբանական խանգարումներ ու հազուադէպօրէն անձնասպանութիւն կը պատահի:
Ականջաբզզիւնը ընդհանրապէս ենթակայական է, լսելի՝ միայն հիւանդին կողմէ. իսկ առարկայական ականջաբզզիւնը՝ լսելի է նաեւ զինք քննող բժիշկին կողմէ:
Ենթակայական ականջաբզզիւնը կը յառաջանայ ներ-ականջային եւ արտա-ականջային հիւանդութիւններով:
Ա. Ներ-ականջային
հիւանդութիւններ՝
ա. Արտաքին ականջի հիւանդութիւններ՝
1. Արտաքին ականջացնցուղին մէջ գէջի (wax) եւ կամ այլ օտար մարմնի մը գոյութիւն.
2. Արտաքին ականջացնցուղի լաւորակ-պարզ եւ չարաղէտ-վտանգաւոր ուռեր.
3. Ականջաթմբուկի վիրաւորանք՝ պատռուածք կամ ծակ.
բ. Միջին ականջի հիւանդութիւններ՝
1. Շիճուկային կամ թարախային բորբոքում: Ականջաբզզիւնը կ՛ըլլայ մեղմ զօրութեամբ, ընդմիջումներով եւ բաբախող:
2. Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու ոսկրապնդացում (otosclerosis): Այս պարագային երրորդ ոսկրիկը՝ ասպանդակ (stapes) կ՛անշարժանայ ներքին ականջի սկզբնաւորութեան ձուաձեւ պատուհանին (oval window) վրայ: Ականջաբզզիւնը զանգակային, սլոցային եւ մնայուն է:
3. Լաւորակ կամ չարաղէտ ուռեր եւ պոլիպներ: Ականջաբզզիւնը միակողմանի եւ հարուածային է:
4. Միջին ականջի արիւնահոսում գանկային հարուածի հետեւանքով: Ականջաբզզիւնը կը պատահի սրտի զարկին հետ զուգահեր:
5. Միջին ականջի զարկերակային պզտիկ ուռ մը (glomus tumor): Ականջաբզզիւնը կը պատահի սրտի զարկին հետ զուգահեր:
Վերոյիշեալ հինգ պարագաներուն ականջաբզզիւնը տեղի կ՛ունենայ լսողութեան տկարացումին հետ:
գ. Ներքին ականջի հիւանդութիւններ եւ լսողական ջիղի տկարացում.
Լսողութեան ջիղը կը տկարանայ հետեւեալ ազդակներով՝
1. Զօրաւոր աղմուկի ենթակայութիւն՝ աղմկարար գործարաններ, բարձրաձայն-զօրաւոր ճազ-ռոք երաժաշտութիւն եւ ռումբերու պայթումներ: Ասոնք կը յառաջացնեն լսողական ջիղի տկարացում՝ լսողութեան տկարացում եւ ականջաբզզիւն, որ կ՛ըլլայ զանգակային, զօրաւոր, զիլ, մնայուն եւ երկկողմանի:
2. Հրացանի գործածութիւն զինուորներու եւ որսորդներներու կողմէ: Ականջաբզզիւնը միակողմանի կամ երկկողմանի, զիլ, մնայուն եւ զանգակային է:
3. Որոշ դեղերու գործածութիւն՝ Aspro, Aspirine, Quinine, Streptomycin, Kanamycin եւ Neomycin ինչպէս նաեւ հակագերզգայնութեան, հանդարտեցուցիչ, քնաբեր, եւ միզամղիչ (diuretic) դեղեր: Ականջաբզզիւնը երկկողմանի, բարձր, զիլ եւ ժամանակաւոր է: Այս դեղերու կասեցումով ականջաբզզիւնը ամբողջութեամբ կ՛անհետանայ:
4. Ներքին ականջի զարկերակներու մասնակի խցում-պնդերակութիւն, որ կը յառաջանայ արեան գերճնշումով, ծխախոտի չափազանց գործածութեամբ եւ շաքարախտով:
5. Սրտի գերհոգնութիւն, գերաշխատանք եւ ձախողանք, արիւնանուազում, վահանագեղձի գերաշխատանք, մարմնական գերհոգնութիւն, գերմարմնամարզ, որոնց պատճառով նուազ արիւն կը մատակարարուի ականջի լսողութեան ջիղին եւ տեղի կ՛ունենայ լսողութեան ջիղի տկարացում՝ լսողութեան տկարացում եւ ականջաբզզիւն:
6. Արեան տկարացում (anemia), արեան ճնշումի նուազում (hypo-tention). Ականջաբզզիւնը երկկողմանի եւ մեղմ է:
(Շար. 1)