ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ընտանի կենդանիներուն ամէնէն աւելի լռիկ-մնջիկին անունը արատաւորուած է, ապերախտ կամ երախտամոռ ածականով: Հակառակ իր ստացած տխրահռչակ այս ածականին, կատուն նախայարձակ կենդանի չէ՛, այլ միշտ խոյս տուող, ու կանխաւ վտանգի դաշտէն հեռացող, շատ զգուշաւոր անասուն է: Քիչ պարագաներու միայն, երբ մայր կատուն իր ձագերը պաշտպանելու ստիպողութեան առջեւ գտնուի, ու երբ զգայ թէ ստոյգ վտանգ կը սպառնայ անոնց, ամէն գնով կը ջանայ դէմ դնել յարձակողին: Նոյնիսկ նման պահերու իրեն օժանդակութիւն ցուցաբերած անձին նկատմամբ երախտամոռ ըլլալու բնազդային իր գիծը, կատուն դարձուցած են խորհրդա-նշան՝ իրենց նկատմամբ եղած բարիքը մոռացութեան տուող մարդոց:
Անբան կենդանի ըլլալուն, վստահաբար կատուն տեղեակ ալ չէ, թէ մարդիկ ի՛նչ վարկաբեկիչ խօսքեր կ՛ուղղեն իր հասցէին, երբ տեսնեն ապերախտ մէկը, որ հակառակ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած խնամքին, կատուի նման մոռնալով վայելած բարիքները, կռնակ դարձուցած կը հեռանայ:
Բախտի երեւոյթին նկատմամբ տարակարծիք են մարդիկ: Ոմանք բնաւ չե՛ն հաւատար թէ բախտ ըսուած երեւոյթ գոյութիւն ունի, որ ըստ ոմանց՝ նոյնիսկ կը «ժպտի» ու կարելիութեանց լայն դռներ կը բանայ մարդոց դիմաց: Այս «տագնապ»ին մէջ, մարդիկ նոյնիսկ իրարու կը շփոթեն «յոյս» եւ «բախտ» եզրերը, ու երբեմն իրենց ունեցած զօրաւոր յոյսը, իրենց կը թուի բախտի դրան բանալին: Սակայն, այս երկուքը շատ մե՜ծ տարբերութիւն ունին իրարմէ: Բախտը կրնայ ամբողջովին զուգադիպութիւն ըլլալ, քան՝ պարիկներու ճպոտի շարժումէն յառաջացած աստղիկներուն բերած արծաթեայ հրաշքը: Մինչ յոյսը, միտքին մէջ լղորճուող ու հոգիին մէջ կամքի պրկումի վերածուող գաղափար ըլլալով հանդերձ, աւելի՛ իրական է ու զգալի:
Մարդկային միտքը «սնունդ»ի կարիք ունի: Ի՞նչ «սնունդ» կը մատակարարես միտքիդ, ատով պիտի սնանի հոգիդ: Այդ «սնունդ»էն կախեալ է նաեւ ներքին՝ հոգեկան խաղաղութիւնդ: Այդ «սնունդ»ը որուն կարիք ունի մարդկային մեր միտքը, դրական խորհողութիւնն է: Միշտ պէտք է ջանալ դրական հայեացքով նայիլ կեանքի ամէն երեւոյթներուն: Հակառակ անոր, որ կեանքի մէջ շատ դժբախտութիւններ կը պատահին, եւ նոյնիսկ երբեմն իրարու ետեւէ գալով մարդ յուսահատութեան կը մատնեն, սակայն եւ այնպէս, երբ մեր միտքը դրական ուղղուածութիւն ունի, ժողովրդային խօսքով՝ «ամէն չարիքի մէջ, բարիք կը գտնենք»: Ճիշդ այդ դրական ուղղուածութեան բանաձեւումն է այս նախադասութիւնը:
Տեսնուած է, թէ դրական ուղղուածութիւն ունեցողներ հետզհետէ սովորութիւն կը դարձնեն իրենց շուրջ տեղի ունեցող ուրախ երեւոյթները նշմարել, եւ ամբողջութեամբ աննշմար թողուլ տխուր պատկերները շրջապատի: Ճանչցած եմ մէկը, որ շուտով կը հեռանար տխուր կամ անպատշաճ նիւթեր խօսողներէ, ու հոգեպէս կը զուարճանար, երբ ուրախալի լուրեր տրուէին, կամ պարկեշտ ու շինիչ խօսակցութիւններ ըլլային իր շուրջ:
Հոգեբանական գիտութիւնը կը հաստատէ նաեւ, թէ միշտ ներքին դրական ուղղուածութիւն ունեցող անձեր աւելի նուազ կը հիւանդանան, եւ իսկական երջանկութիւն կը զգան, քան ժխտական մօտեցում ունեցողներ: Այս առումով, որոշ մասնագէտներ խնդուքը կը թելադրեն իբրեւ դեղ երջանկութեան:
Ոեւէ անձի տրուած «բախտաւոր» կոչումը, դարձեալ բազմաթիւ տարբերակներով կրնայ իմացուիլ: Բարոյական եւ նիւթական տարբերակները ամէնէն մեծ երկու խմբաւորումները կը կազմեն մէկուն «բախտաւոր» ըլլալը սահմանելու աշխատանքը դիւրացնելով: Այսպէս, երբ տեսնեն թէ մէկը վիճակահանութեան տոմսը շահեցաւ, «ի՜նչ բախտաւոր է» կ՛ըսեն, ուղղակի ակնարկելով անոր շահած նիւթական հարստութեան, որ մի քանի թիւերու շարուածքով, ակնթարթի մէջ իր սեփականութիւնը դարձաւ՝ բախտի բերմամբ:
Միւս կողմէ, ընկերային կեանքի տարբեր երեւոյթներուն մէջ յաջողակ մարդոց համար ալ նոյն արտայայտութիւնը կ՛ունենան մարդիկ: Այսպէս երջանիկ ընտանեկան բոյն ունեցողին, հանդուրժող ոգի ցուցաբերող կին կամ ամուսին ունեցողին, հնազանդ ու պարկեշտ զաւակներ ունեցողին, իրարու նկատմամբ սէր տածող հարազատներով կազմուած գերդաստանին եւ այլ բախտաբեր երեւոյթներու առիթով, մարդիկ չեն զլանար «ի՜նչ բախտաւոր է» կոչումը շնորհել վերոյիշեալներուն:
Ոմանք համոզուած են, թէ բախտը իւրաքանչիւր մարդու ներսիդին գոյութիւն ունի: Նոյնիսկ կ՛ըսեն, թէ իւրաքանչիւր երեխայ, ծնած պահուն իր հետ կը բերէ իր բախտը այս աշխարհ: Տարօրինակ երեւոյթ է, որ մարդիկ նոյնիսկ դժբախտ պատահարները կը կապեն բախտին, փոխանակ զայն վերապահելու միայն բարի դէպքերու: Երբ մէկը արկածի հետեւանքով մահանայ, նոյնիսկ եթէ անոր կատարած սխալին հետեւանքով պատահած էր այդ արկածը, մարդիկ բացատրութիւն տալէ խուսափելով, բախտին վրայ կը բարդեն յանցանքը, ըսելով՝ «անբախտ էր ան»: Այսպիսով դարձեալ բախտը կ՛ըլլայ քաւութեան նոխազը:
Մարդկային միտքը հանդարտեցնող յատկութիւն ալ ունի բախտի գաղափարին շրջանառութիւնը մեր կեանքին մէջ: Անիկա այնպիսի յոյս կը ներշնչէ մարդուն, որ այլ միջոցներով չի՛ կրնար ունենալ, իր յուսահատական ծանրագոյն պահերուն: Այդ բախտի զգացումին ետին երբեմն մարդիկ կը գտնուին, որոնք անզգալաբար կատարած իրենց բարիքով, բախտ կը դառնան թշուառներուն համար: Իսկական բարերարութիւնը թաքուն կերպով ուրիշին բախտաբեր կեանք պարգեւելուն մէջ կը կայանայ:
Իսկ համայն մարդկութեան բախտաբեր կեանքը պարգեւող Աստուածը ինչո՞ւ մարդիկ կը մոռնան յաճախ, որուն մեծագոյն բարիքը այս աշխարհն է իր բոլոր բարիքներով: Միթէ ասիկա մեծ բախտ չէ՞ մարդուն դիմաց բացուած, իր ծննդեան իսկ օրէն: Աստուած ի՛նք է, որ նախախնամող իր հայրութեամբ, ամէն օր դիմացդ բացուող բախտի դռներուն ծխնիները կը իւղէ, դիւրացնելով բարիքներուն մուտքը կեանքիդ մէջ: Ինչքա՜ն դժուար կ՛ըլլայ երբեմն, երբ մեզմէ միայն բարիք տեսած մարդիկ ապերախտ կը գտնուին մեր նկատմամբ: Դժուար տանելի այդ զգացումը պատկերացուցէք անհաշիւ կերպով բազմապատկուած պիտի ըլլայ, երբ այդ ապերախտութիւնը ուղղուած ըլլայ Աստուծոյ…: Ոմանք այն համոզումը ունին, որ Աստուծոյ ընծայուած մէկ ծունկ աղօթքը, կամ մատուցուած զոհերը կրնան երախտապարտութեան զգացում արտայայտել Աստուծոյ նկատմամբ, ինչպէս կ՛ըմբռնէին զանիկա եբրայեցի ժո-ղովուրդի զաւակները: Գրպանիդ մէջ եղածը չէ որ քեզ երախտապարտ պէտք է ընէ Աստուծոյ նկատմամբ, այլ այն ինչ որ ունիս սիրտիդ մէջ:
Եթէ ուշի ուշով քննենք մարդկային կեանքը, կը տեսնենք որ մարդ միշտ երախտապարտ ըլլալու պատճառ ունի, ըլլայ իր բարեկամներուն նկատմամբ, եւ ըլլայ մանաւանդ Տիեզերքի Հօր՝ Աստուծոյ նկատմամբ:
Եթէ երախտապարտ ըլլալու պատճառ չունիս, լաւ մտածէ՛ ու անպայման գտի՛ր, որովհետեւ եթէ իրապէս այդպէս է, կը նշանակէ թէ սխալ բան կայ մէջդ: