Իտալական «Լիմես» թերթին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտարարած է, որ Հայկական Հարցին եւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան միջեւ որեւէ կապ չկայ։ Հարցազրոյցին ընթացքին ան այլ հարցերու կողքին նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
«Անգարայի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան եւ Հայկական Հարցին միջեւ որեւէ կապ գոյութիւն չունի։ Բնականաբար, Թուրքիան կը վարէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան հաստատման ուղղուած քաղաքականութիւն, ինչ որ շատ կարեւոր է։ Մենք աշխատած ենք Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման համար։ Անձամբ ես Հայաստանի հետ նախաձեռնութիւն սկսելու համար առաջին քայլերը կատարած եմ։ Հայաստանի հետ հարցը կարգաւորման կարիք ունի։ Իսկ հիմա հաւանաբար լուռ դիւանագիտութեան ժամանակն է», ըսած է Կիւլ:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ նկատի ունի ան, երբ կ՛ըսէ «լուռ դիւանագիտութիւն», Կիւլ ըսած է. «Լուռ եւ վճռական դիւանագիտութիւն»։
«Այսինքն, միայն գաղտնի բանակցութիւննե՞ր», հարցուցած է լրագրողը։ «Այն կարծիքին եմ, որ խնդիրի կարգաւորման հասնելու համար, ներկայ պահուս ատիկա կը պահանջուի», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։