Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ներքին ականջի հիւանդութիւններէն կարելի է յիշել՝
1. Տարեցախլութիւն (presbycusis) ուր լսողութեան ջիղը կը տկարանայ եւ կը յառաջացնէ ականջաբզզիւն եւ լսողութեան տկարացում: Ականջաբզզիւնը երկկողմանի, մնայուն, բարձր, զիլ, զանգակային եւ զօրաւոր է:
2. Մէնիէրեան (Meniere՛s) հիւանդութիւն, ուր տեղի կ՛ունենայ երեակ ախտանշաններ՝ լսողութեան տկարացում, գլխապտոյտ եւ միակողմանի ու շարունանակական ականջաբզզիւն:
3. Լսողութեան ջիղի ուռ (acoustic neuroma), որ կը յառաջացնէ լսողութեան տկարացումին հետ նաեւ զօրաւոր եւ միակողմանի ականջաբզզիւն.
4. Լսողութեան ջիղի վնասում-հատում, որ կը պատահի գանկային հարուածներու պատճառով:
Բ. Արտա-ականջային հիւանդութիւններ եւ անբնական կացութիւններ՝
ա. Ներգանկային զարկերակներու պնդացում, մասնակի խցում եւ գերճնշում. Ականջաբզզիւնը բար-ձր, երկկողմանի, թաւ եւ ելեւէջներով է:
բ. Գլխու զարկերակներու ուռեր: Ականջաբզզիւնը սուլող է եւ կը պատահի սրտի զարկի հետ միասին:
գ. Վիզի երակներու ընդլայնում եւ զարկերակներու մասնակի խցում: Ականջաբզզիւնը հարուածային, բաբախող եւ սրտի զարկերուն հետ ընկերակցող:
դ. Զգացական-հոգեբանական խանգարումներ՝ ճնշուածութիւն եւ ընկճուածութիւն: Ականջաբզզիւնը երկկողմանի է եւ ան կը զօրանայ օրուայ աւարտին:
ե. Քիմքի մկաններու պռկում: Ականջաբզզիւնը սուր, կտրուկ եւ ընդմիջումներով է:
զ. Արեան յառաջացած գերճնշում: Ականջաբզզիւնը տրոփիչ է եւ ան կը պատահի սրտի զարկին հետ զուգահեռ:
Առարկայական ականջաբզզիւնը լսելի կը դառնայ բժիշկին կողմէ երկու ձեւերով՝
1.Դնելով իր ականջը հիւանդին ականջին վրայ եւ կամ շուրջը:
2. Դնելով իր ընկալուչը (stethescope) հիւանդին ականջին վրայ եւ կամ շուրջը:
Առարկայական ականջաբզզիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդութիւններով եւ անբնական կացութիւններով՝
Ա. Եւստաքեան խողովակի անբնական աշխատանք: Ականջաբզզիւնը սուլող եւ միակողմանի է ու կը պատահի ներշնչումի ու արտաշնչումի ընթացքին:
Բ. Քիմքի մկաններու պրկուածութիւն, որ կը տեսնուի զանազան հիւանդութիւններու պարագային՝ ջղային համակարգի որոշ հիւանդութիւններ, ներգանկային ուռեր եւ հոգեբանական խանգարումներ: Ականջբզզիւնը երկկողմնակի, սուր, ընդմիջումներով եւ ժամանակաւոր է:
Գ. Վիզի երակա-զարկերակային անբնական միացում (a-v fistula). Ականջաբզզիւնը միակողմանի է եւ կը պատահի սրտի զարկերուն հետ միատեղ:
Ականջաբզզիւնի դրդապատճառը գիտնալու համար հիւանդը պէտք է ենթարկուի բժշկական ընդհանուր քննութեան եւ ականջային մասնագիտական քննութիւններու:
Ականջաբզզիւնի դարմանումը կախեալ է անոր դրդապատճառէն: Ականջաբզզիւնը կ՛անհետանայ եթէ անոր դրդապատճառը դարմանելի է:
Տարեցախլութեամբ եւ ներքին ականջի լսողութեան ջիղի տկարացումով յառաջացած ականջաբզզիւնը ընդհանրապէս մնայուն է եւ անդարմանելի: Կան կարգ մը միջոցառումներ, որոնք մասամբ մը կը մեղմացնեն ականջաբզզիւնը, օրինակ՝ հանդարտեցուցիչ, քնաբեր, հակագերզգայնութեան դեղեր եւ որոշ կենսանիւթեր: Քունի ընթացքին շարունակական եւ մեղմ երաժշտութիւն մը հիւանդին ուշադրութիւնը կը շեղէ անոր ականջաբզզիւնէն:
Որոշ պարագաներու ականջաբզզիւնը կանխարգելի է՝ խուսափելով աղմկարար վայրերէ, գործարաններէ եւ սրահներէ ու պատերազմական շրջաններէ ինչպէս նաեւ հրաժարելով որսորդութենէ եւ որոշ դեղերէ:
Ականջաբզզիւնը պէտք է զատորոշուի ականջին մէջ լսուած խօսքերէն, երաժշտութենէն եւ զանգակներու ղօղանջներէն, այսինքն՝ լսողական զգայախաբէութենէն (auditory hallucination): Այս բոլորը կը պատահին որոշ հոգեբանական խանգարումներու եւ հիւանդութիւններու հետեւանքով եւ ընթացքին, որոնց դարմանումը կը կարօտի հոգեբուժական միջոցառումներու:
(Շար. 2 եւ վերջ)