ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Շպարուէ՛, Այո՛, Բայց՝ Ինչպէ՞ս
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իգական սեռի պայուսակին էական առարկաներէն մէկն է շպարի տուփը, ընդհանրապէս փոքրածաւալ, որուն գնդասեղի գլխուն մեծութեամբ հայելիին մէջէն ամբողջ աշխարհը կրնան տեսնել անոնք: Այդ հայելին «կը խօսի» իրենց հետ, կը պատմէ գեղեցկութեան մասին, երբեմն կը քննադատէ, կասկածներ կը յարուցէ, ու նաեւ երբեմն արգելք կը հանդիսանայ տունէն դուրս ելլելու, եթէ անիկա իր վերջնական եւ հեղինակաւոր կարծիքը չէ՛ տուած իր տիրուհիին արտաքին տեսքին մասին:
Շպարի տուփերն ու շպարուիլը ընդհանրապէս այնքան տարածուած են, որ այսօր կարելի է հանդիպիլ ինքնաշարժի կին վարորդներու, որոնք երբեմն խճողումի մէջ, ինքնաշարժը վարողի նստարանին վերեւ ամրացուած շողարգել թեւնոցի ետին գտնուող հայելին բացած կը շպարուին, յաճախ արկածներու դուռ բանալով: Անշուշտ կարելի է խօսիլ տակաւին չափազանցուած շպարի հետեւանքով տգեղցողներու մասին, եւ ասիկա յատկապէս կը պատահի հարսեր շպարող «մասնագէտ»ներու ձեռամբ, որոնք աստուածատուր՝ բնական գեղեցկութեամբ օժտուած աղջիկը, անճանաչելի դարձնելու չափ կը տգեղցնեն, միւս կողմէ համոզելով ենթական, թէ չնաշխարհիկ դարձած է այս շպարումով…: Կը պատահի, որ ծանօթ անձեր, իրենց հարսանեկան շպարին մէջ չեմ ճանչցած եկեղեցւոյ մէջ, պսակի արարողութեան ընթացքին, տարբեր զոյգի պսակադրութեան եկած ըլլալու մտավախութիւնը ապրելով:
Մանկական պատմուածքներու յատուկ գիրքերուն մէջ կարդացած եմ «Կախարդական Հայելին» անունով հետաքրքրական հեքիաթը, որուն մէջ կը պատմուի, թէ թագուհին ամէն օր այդ կախարդական հայելիին դիմաց կանգնած, կը հարցնէր, թէ իրեմէ աւելի գեղեցիկ մէկը կա՞յ այս աշխարհի վրայ: Ամէն օր նոյն ժխտական պատասխանը կը ստանար թագուհին, թէ չկա՛յ աւելի գեղեցիկը, ցրուելով թագուհիին միտքը պղտորող ամէն կասկածները: Սակայն օրին մէկը կախարդական հայելին հաստատական պատասխան կու տայ, եւ այդ կ՛ըլլայ իր վախճանը, որովհետեւ գետին զարնուելով, երկինքի աստղերուն պէս փայլփլուն հատիկներու կը վերածուի: Թագուհին կրնա՞ր ընդունիլ նման հաստատում: Մեծ խորհուրդ ունի իր մէջ այս հեքիաթը, որ կը վերաբերի ամէն մարդու: Որովհետեւ ամէն ոք ինքզինք կը տեսնէ այնպէս՝ ինչպէս կ՛երեւակայէր ըլլալ:
Գեղեցկագիտական արտադրութիւնները, հագուստներու, կօշիկներու թէ պայուսակներու տեսակներէն սկսեալ, մինչեւ արդուզարդն ու շպարի յատուկ նրբածայր մատիտներն ու փափկափետուր վրձինները, աշխարհի ամէնէն սուղ արժող առարկաները սկսած են դառնալ: Աշխարհահռչակ վաճառանիշերը, սկսած են իրենց անունը վաճառել, մէկդի դրած որակի հասկացողութիւնը:
Ծանօթ վաճառականներ, որոնք սերունդէ սերունդ աւանդութեան կարգով այր մարդու հագուստի գործով զբաղած են, ներկայիս կանանց շռայլութիւնը տեսնելով, հակառակ ամբողջ աշխարհի մէջ տիրող տնտեսական տագնապին, կ՛ափսոսան որ իրենց նախնիք կանանց հագուստի գործ չեն հիմնած: Բնականաբար դժուար պիտի ըլլայ հիմա իրենց համար փոխել գործի ասպարէզը, հակառակ անոր որ դարձեալ կտաւի ու կարի կալուածէն ներս է անիկա, որովհետեւ յաճախորդներու ամբողջ ցանցը պիտի փոխուի, սկսնակ վաճառականներու խումբին մէջ դնելով զիրենք:
Ցուցամոլութեան դռներէն ներս մտած այս շռայլութիւնը, կիներ իրենք եւս կը քննադատեն յաճախ, մանաւանդ երբ գեղագիտական այնպիսի նորութեան դիմաց գտնուին, որ իրենց քսակի բովանդակութեան բնաւ չի՛ համապատասխաներ: Ոմանք մեծ զոհողութիւններ կատարելով կը յաջողին ձեռք ձգել տուեալ նորելուկ առարկան, սակայն կանանց մեծ մասին համար անոնք կը մնան անհասանելի, պարզապէս անոնց բարկութիւնը բորբոքելով այն ընկերութիւններուն դէմ, որոնք կ՛արտադրեն նման սուղ գեղագիտական իրեր:
_ Վերջապէս որո՞ւ համար կը պատրաստէք, եթէ ոչ՝ մեզի՛ համար: Ուստի, այնպիսի՛ գին որոշեցէք, որ տրամաբանական ըլլայ եւ կարենանք գնել:
Այսպէս կը բողոքէր կիներէն մէկը վաճառորդին, որ կը փորձէր համոզել յաճախորդ գեղադէմ կիներէն մէկը, անպայման գնելու իրենց վաճառատան գեղագիտական արտադրութիւններէն:
Նոյն շուկային մէջ միշտ գնում ընող վայելուչ արտաքինով եւ բոլորին յարգանքը վայելող ծանօթ կին մը, մեծ ժողովրդականութիւն ունէր ո՛չ միայն իր ֆիզիքական նրբակազմութեան պատճառով, այլ մանաւանդ իր փայլուն հոգիին համար: Հակառակ միջին տարիքի ըլլալուն, ան կը պահէր իր դիմագծային փայլքը, բարեձեւ մարմինին իգական նրբութիւնները, ու մանաւանդ զուսպ լեզուն եւ պարկեշտ վարուելակերպը:
Ամէնուն բացայայտ գնահատանքին առարկայ ըլլալը այս կնոջ, շատերու հետաքրքրութիւնը եւ ուրիշներու ալ նախանձը արթնցուցած էր: Իրմով հետաքրքրուողները կը մտածէին թէ արդեօք իր գրաւիչ արտաքինին համար ինչպիսի՞ շպար կ՛օգտագործէր ան: Ամէնուն զարմանքը կրկնապատկուեցաւ սակայն, երբ իմացան այն պարզ, «թանկարժէք», բայց ո՛չ սուղ շպարի տեսակը զոր ան կը գործածէր, երիտասարդական խանդն ու աշխոյժը պահելու համար, եւ որ զինք սիրելի կը դարձնէր ամէնուն: Մարդիկ միշտ ալ հետամուտ են գտնելու յաջողութեան գաղտնիքը: Այս կինն ալ գտած էր կեանքի մէջ յաջողելու ի՛ր ձեւը: Անիկա, զինք հարցուփորձող ծանօթ ու անծանօթ մարդոց խմբակին դառնալով կ՛ըսէ.
_ Կանանց շպարի բազմազան տեսակներ գոյութիւն ունին: Երանի՜ անոր, որ իր քսակին չափով, ու մանաւանդ իր տարիքին համապատասխան ձեւով կը շպարուի: Սակայն, իմ շպարի տուփս ներկերու կամ գոյներու նիւթեղէն փոշիներու բաղադրութիւնը չունի: Ես պարզապէս ճշմարիտ խօսքեր կը գործածեմ շրթներուս համար, ձայնիս մէջ կը դնեմ աղօթական շունչ, աչքերս գութով կը գծեմ փոխանակ սեւաթոյր մատիտներու, ձեռքերը փափկացնող անուշաբոյր քսուք իւղերու փոխարէն կը գործածեմ օգնութիւն, դէմքս գունաւորող եւ կենդանացնող «ոսկեփոշին» ժպիտն է ու պարկեշտութիւնը, իսկ այս ամէնը առողջ պահող, ու միշտ երիտասարդ մնացող սիրտս մի՛շտ լեցուն կը պահեմ սիրով ու գորովով, հանդէպ տկարին, զրկեալին ու կարօտեալին:
Առաքեալին բացատրութիւնն ալ մեծ տարբերութիւն չունի, այս կնոջ գործածած շպարի տուփին բովանդակութենէն, երբ հաւատացեալ կիները խրատելով կ՛ըսէ. «Ձեր զարդը արտաքինը թող չըլլայ, ո՛չ մազերուն յարդարանքը, ո՛չ ոսկեղէնները եւ ո՛չ ալ զարդարուն հագուստները, այլ՝ սրտին մէջ ծածկուած, հեզ եւ խաղաղ հոգիին անկորնչելի գեղեցկութիւնը. եւ այդ է թանկագինը Աստուծոյ համար» (Հմմտ Ա.Պտ 3.3):
Բնական է, որ ամբողջ աշխարհի մարդկութենէն չզատորոշուելու համար, պէտք է քայլ պահել ընդհանուրին հետ: Միաժամանակ պէտք չէ՛ մոռնալ, որ ամէն ինչ իր չափին մէջ գեղեցիկ է, իսկ չափազանցութիւնը՝ տգեղութիւն կը բերէ: Իսկ վերեւ յիշուած կնոջ շպարի տուփը որքան որ ուզէք կրնաք օգտագործել: Անոր բաղադրութիւնը չի՛ վնասեր մորթին, այլ՝ հոգիին փայլքը կ՛աւելցնէ, որ կ՛արտացոլայ դէմքին վրայ…: