ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- Գերմանիա, Հնդկաստան, Հարաւային Ափրիկէ եւ Քոլոմպիա ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստերուն երկու տարիով (2011-2012) մասնակցելու իրաւունք ստացան։ Փորթուկալը, իր կարգին, քուէարկութեան երկրորդ փուլին ընթացքին թափուր մնացած աթոռ մը գրաւեց, երբ Գանատան վերցուց իր թեկնածութիւնը։ Նիւ Եորքի ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ Ընդհանուր ժողովի քուէարկութեան առաջին փուլին իսկ Գերմանիան ապահովեց 128 ձայն, որ մէկ ձայնով կը գերազացնէր անհրաժեշտ ձայներու քանակը։ 2011ին իրենց տեղերը լքող Աւստրիոյ եւ Թուրքիոյ տեղերուն կը հաւակնէին Գերմանիան, Գանատան եւ Փորթուկալը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.