Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը սկսած է քննելու Թուրքիոյ բանուորական կուսակցութեան նախագահ ու «Էրկենեքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան գործով կալանաւորուած Տողու Փերինչեքի հայցը, ընդդէմ զուիցերիական արդարադատութեան։
Լօզանի քաղաքային դատարանը Մարտ 2007ին, Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը ուրանալուն համար, Փերինչեքը դատապարտած էր 90 օրուան ազատազրկման, որ կրնար փոխարինուիլ 9 հազար զուիցերիական ֆրանք տուգանքով։ Աւելի ուշ Զուիցերիոյ վճռաբեկ ատեանը մերժած էր Փերինչեքին ներկայացուցած վճիռին բողոքարկումը, որմէ ետք անոր փաստաբանը՝ Լորան Մորէյն, դիմած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան։