Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Նախագահ Օպամա խորհրդարան յղած է Սէուտական Արաբիոյ 60 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք ծախելու ծրագիր մը. շուրջ երկու տասնամեակներու վրայ երկարող ծրագիրին հիմամբ, սէուտցիներուն պիտի վաճառուին արդիական օդանաւեր, ուղղաթիռներ, փոխնորդ կտորներ ու հսկայական զինամթերք։ Այս վաճառքին ճամբով, գործ պիտի հայթայթուի շուրջ 70,000 ամերիկացիներու (ընտրական եղանակի մէջ ենք), պիտի ապահովուին ամերիկեան ռազմավարական շահերը, Ծոցի երկիրներուն հաւաստիք պիտի տրուի, թէ Ուաշինկթըն կը մնայ հզօր պաշտպան մը (պայմանաւ որ միւս երկիրներն ալ իրենց փեթրօ-տոլարները հոսեցնեն ամերիկեան զէնքի ճարտարարուեստի գանձանակներուն մէջ), իսկ Իսրայէլ, որ աւանդաբար փոթորիկ կը պայթեցնէր նման վաճառքներու առիթով, խելօքիկ մը լռութիւն կը պահէ, յայտնապէս այդ գումարներէն ուղղակի կամ անուղղակի շահաբաժին մը ստանալու յոյսով-հաւաստիքով։
Նախագահ Օպամա նաեւ կը ծրագրէ 2 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք ծախել Փաքիստանի, իբրեւ ամերիկեան կառավարութկեան կողմէ օժանդակութիւն (այս ալ հինգ տարուան վրայ)։ Նախարար Քլինթընի Փաքիստան այցելութիւնը այսպիսի աղուոր արդիւնքներու ալ հասաւ… տուրք վճարողներուս հաշւոյն։ Փաքիստանի տրուած ու տրուելիք զէնքները ընդհանրապէս կը զետեղուին «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի խորագիրին տակ, թէեւ այդ երկրին մէջ ահաբեկչութեան աւելի՛ եւս հրահրման պատճառ դարձած են ու… հարստացուցած՝ բանակին հրամանատարներ եւ Ուաշինկթընի գործակից «առեւտրականներ»։
Սէուտցիներուն տրամադրելի զէնքերուն շահը պիտի մտնէ «Պոյինկ»ի, «Սիքորսքի»ի եւ նման ընկերութիւններու գանձանակները. այս ընկերութիւնները կը գտնուին իշխանաւորներու ընտրապայքարները ֆինանսաւորողներու շարքին (կրկնենք. ընտրապայքարի օրեր կ՚ապրինք)։ Աֆղանիստանի տրամադրելի օժանդակութիւնը պիտի ելլէ, ինչպէս նշեցինք, ամերիկացիներու վճարած տուրքերու գանձանակէն. նոյն գանձանակէն կ՚ելլեն նաեւ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ տրամադրուած օժանդակութիւնները, իբրեւ քաջալենանք՝ անոնց բռնարարքներուն եւ Ուաշինկթընի ուղղուած մարտահրաւէնրերուն, արհամարհանքներուն (Իսրայէլ դարձեալ հրապարակ նետած է պաղեստինեան հողերու վրայ աւելի քան 600 բնակարանային միաւոր կառուցելու ծրագիր մը, մինչ Ուաշինկթըն կը շարունակէ կրկնել, թէ համաձայն չէ բնակեցման նման անարդար քաղաքականութեան)։
Այս բոլորին ի տես, բնականաբար կը ծնի հետեւեալ հարցումը. այս վաճառքներուն ի լուր, պէտք է ուրախանա՞նք, թէ՞ տխրինք։
Իրողութիւնը կը պատասխանէ հետեւեալ նշանախօսքով. «Կեցցէ՛ անտարբեր հանդիսատեսութիւնը»։
24 Հոկտեմբեր