
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Պիանեթ».- Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեանը Հրանդ Տինքը սպաննելու յանցանքով դատուող Օկիւն Սամասթին թղթածրարը պիտի փոխանցէ Պոլսոյ անչափահասներու դատարան՝ ընդունելով, որ դատավարութիւնը պէտք չէ շարունակուի եղեռնադատ ատեանին մէջ:
Տրուած ըլլալով, որ Սամասթ ոճիրի ընթացքին 17 տարեկան էր, ան պիտի դատուի անչափահասներու դատարանին մէջ, հակառակ այն իրողութեան, որ նախապէս որոշուած էր, թէ ան կրնայ դատուիլ իբրեւ չափահաս մը։
Այս որոշումը առնուեցաւ Տինքի սպանութեան դատավարութեան Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 25ի նիստի ընթացքին, որուն մասնակցեցան ամբաստանեալներ Օկիւն Սամասթ, Էրհան Թունճել եւ Եասին Հայալ։ Դատախազ Մուսթաֆա Չաւուշօղլու ուզեց, որ թղթածրարը անչափահասներու դատարան փոխանցուի, քանի որ ոճիրի թուականին ամբաստանեալը 17 տարեկան էր։
Դատարանը այս դիմումը ընդունեց հիմնուելով քարկոծող երախաներու դատավարութեան կապակցութեամբ Յուլիս 22, 2010 թուականին ընդունուած 6008 թիւ օրէնքի 8րդ յօդուածին վրայ։
Լուրը Երեքշաբթի օր շատ լայն արձագանգ գտած է թրքական մամուլին մէջ ու բազմաթիւ յօդուածագիրներ ու թղթակիցներ որոշ վերապահութեամբ կը յիշեցնեն, թէ այս որոշումով Հրանդ Տինքի սպանութեամբ ամբաստանուած անձը կը նոյնանայ քարկոծող փոքրիկ երեխաներու հետ։
Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինքը, Երեքշաբթի օր քննադատեց այս վճիռը: Ան յայտնեց, թէ երկրին օրէնքները «երկաթեայ շղթաներով կը կապեն արդարութեան ձեռքերը»: Իր կարգին, Հրանդ Տինքի եղբայրը՝ Խոսրով Տինք, յայտարարեց, որ եթէ երկրին իրաւական համակարգը հարկաւոր արագութեամբ շարժէր, ամբաստանեալը արդէն իսկ դատապարտուած պէտք է ըլլար ու նման վճիռի մը կարիքը պիտի չզգացուէր:
Պետական նախարար Ճեմիլ Չիչեք զանազան հարցերու մասին կատարուած լուսաբանութիւններու կարգին, պատասխանեց լրագրողներու կողմէ Օկիւն Սամասթի մասին հարցումին եւ ըսաւ, որ քարկոծող երեխաներու օրէնքը ընդհանուր օրէնք մըն է, եւ թէ օրէնքներու պատրաստութեան ընթացքին անհատական պարագաներ նկատի չեն առնուիր. օրէնքները ընդհանուր բնոյթ ունին: Ոմանք օրէնքներէն կ՛օգտուին, ոմանք ալ օրէնքներէն վնաս կը կրեն։ Այլ խօսքով, նոր օրէնքը Օկիւն Սամասթին համար պատրաստուած չէ, թէեւ Սամասթ պիտի օգտուի այս օրէնքէն։
Նաեւ, Երկուշաբթի օրուան դատավարութեան ընթացքին երկրին գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, կողմէ դատարան յղուած փաստաթուղթէ մը յայտնի դարձաւ, որ ՄԻԹ գործակալութիւնը նոյնպէս Սապիհա Կէօքչենի մասին գրուած յօդուածին կապակցութեամբ լուրջ ազդարարութիւն մը ըրած էր Հրանդ Տինքին։
Իր կարգին, Ալի Պայրամօղլու «Ենի Շաֆաք» թերթին մէջ ահազանգ կը հնչեցնէ ու կը գրէ, որ այս գնացքով մօտ օրէն Սամասթ բանտէն պիտի արձակուի, որովհետեւ եթէ Սամասթ դատուի անչափահասներու դատարանի մը մէջ, այդ պարագային, մինչեւ այսօր բանտին մէջ անցուցած ժամանակը նկատի պիտի առնուի, ու եթէ յանցագործութիւնը մեղմացնող ազդակներ եւս նկատի առնուին, ապա դատարանը մօտ օրէն կրնայ տուն ղրկել զայն: Ասիկա նախատինք մըն է թուրք իրաւական համակարգին համար, գրած է ան: