
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ամերիկահայ ուսուցիչներու միութիւնը (AAEA) Շաբաթ, Նոյեմբեր 13ին կազմակերպած է հայկական կամ պետական երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարանի աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն յատուկ տեղեկատուական օգտաշատ հաւաք մը, որուն ընթացքին աշակերտները մօտէն պիտի ծանօթանան համալսարան ու կրթանպաստներու դիմելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի դիմումնագիրին կցուող շարադրութեան կապակցութեամբ:
«Այո՛, դէպի համալսարան» կոչուող ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանին մէջ, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2:
Հաւաքին ընթացքին, ծնողները եւս առիթ պիտի ունենան խորհրդակցելու ուսուցիչներու եւ համալսարանական ուսանողներու հետ: Նաեւ, ելոյթներ պիտի ունենան Կլենտէյլի քաղաքային համալսարանէն խորհրդատու Սարգիս Ղազարեան ու կրթանպաստներու համակարգող Արմինէ Գուրգէնեան:
Արձանագրութեանց համար, դիմել Սեւանին՝ (818) 207-9806 թիւով կամ sevan@hyspell.com հասցէով, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armenianaea.org կայքը: