ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժինի աշխատակից Մուշեղ Աղեկեան հաստատած է Նուբարաշէնի զօրամասին մէջ վարժութիւններու ընթացքին բարձրութենէն ցատկած ու զոհուած սպային իրողութիւնը։
«Աւելի մանրամասն ոչինչ չեմ կարող ասել», աւելցուցած է ան՝ խորհուրդ տալով մանրամասնութիւնները ճշդել պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան միջոցով, ուրկէ նոյնպէս յայտարարուած է, թէ այս պահուն ոչինչ կարելի է ճշդել: «Մենք բանաւոր ոչինչ չենք յայտնում, այլ նորութիւնները տեղադրում ենք մեր կայքում», յայտնած են նախարարութենէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.