ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի մէջ յառաջիկայ ամիս կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, լրատուամիջոցներն ու ընդդիմադիր «Իսլամ եղբայրներ» շարժումը ճնշելու արշաւը սաստկացած է: Վերջերս եգիպտական իշխանութիւնները յաւելեալ պատկերասփիւռի կայաններ փակած են եւ տասնեակներով ընդդիմադիրներ ձերբակալուած են։ Այս ամսուան սկիզբը, Եգիպտոս հինգ կայաններու արտօնագրերը արկախած էր, զանոնք ամբաստանելով պետութեան հետ համաձայնութեան պայմանները խզելու եւ «սփռումի բարոյական արժեչափերը բռնաբարելու» յանցանքով: Եգիպտոսի մեծագոյն ընդդիմադիր խմբակցութիւնը՝ «Իսլամ եղբայրներ»ը յայտնեց, թէ իր ձերբակալուած 164 անդամներուն մեծամասնութիւնը ընտրական աշխատանքներով կը զբաղին։
«Միջազգային ներում» կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալութիւններուն նպատակը ընդդիմութեան ընտրապայքարը խանգարելն է։ Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց ազատ արձակելու ձերբակալեալները եւ կամ անոնց դէմ պաշտօնական ամբաստանութիւն ներկայացնելու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.