ՄԱՅԱՄԻ, «Էյ.Փի.».- Մինչ ամերիկեան թերթեր կը շարունակեն լայն սիւնակներ յատկացնել այսպէս կոչուած՝ «Հայկական մաֆիա»ի հետ կապուած լուրերուն, Ֆլորիտայի մէջ անցեալ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին բացայայտուած զեղծարարութեան նոր դէպք մը կրկին ցնցեց երկիրը։ Արդարեւ, բացայայտուած է, թէ «Ամերիքըն Թերափեթիք» ընկերութիւնը հոգեբուժական երկու հիւանդանոցներու հետ գործակցելով՝ մօտաւորապէս 200 միլիոն տոլար արժողութեամբ գումար գողցած են «Մետիքէր»էն: Կը նշուի, որ չորս ձերբակալեալները նաեւ լոպիական աշխոյժ գործունէութիւն կը տանէին, ու կապեր ունէին քոնկրեսականներու եւ քաղաքական այլ գործիչներու հետ։
Զեղծարարութեան տարողութիւնը կը յիշեցնէ երկու շաբաթ առաջ երեւան հանուած նախկին Խորհրդային Միութեան քաղաքացիներու գլխաւորած զեղծարարութիւններով իւրացուած գումարը, որ 163 միլիոն տոլարով կը գնահատուէր, եւ զոր ամերիկեան իշխանութիւնները կը նկատէին երկրին ամենամեծ խմբային յանցանքը՝ առողջապահութեան ոլորտէն ներս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.