ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, յայտարարած է, որ Թուրքիոյ «սեւ ու մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են», որովհետեւ Թուրքիան արդէն փոխուած է։
Պոլսոյ բրիտանական հիւպատոսարանին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին, Պաղըշ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւններուն՝ նշելով Տրապիզոնի յունական Սումելա վանքին մէջ եւ Աղթամարի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագները։ «Շատ լաւ էր, որ այդ կրօնական հաստատութիւններուն մէջ պատարագներ մատուցուեցան, սակայն տխրեցնող է, որ վերջին պատարագները տեղի ունեցած էին հարիւրաւոր տարիներ առաջ։ Մենք պէտք չէ այդքան սպասէինք։ Տրապիզոնի Վանի ժողովուրդը ընդունեց եւ պատուեց հազարաւոր քրիստոնեաներ», նշած է թուրք նախարարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.