ՊՈԼԻՍ.- Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին հրապարակեց թրքական իշխանութիւններուն դէմ կիպրացի յոյներու ներկայացուցած հայցերու առնչութեամբ իր վճիռը։ Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, վկայակոչելով ատեանին կայքէջը՝ կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները երեք ամսուան ընթացքին կիպրացի յոյներուն պէտք է վճարեն 13 միլիոն 315 հազար եուրոյի փոխհատուցում։
19 կիպրացի յոյներ, 1990-1999ին թրքական իշխանութիւններուն դէմ հայցեր ներկայացուցած էին, 1974ին տեղի ունեցած Կիպրոսի բռնագրաւման ընթացքին իրենց կալուածներուն եւ գոյքերուն գրաւման կապակցութեամբ:
Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը թրքական իշխանութիւնները մեղաւոր նկատած են՝ մարդկային իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու եւրոպական ուխտի դրոյթները խախտելուն համար։ Որոշումին համաձայն, թրքական իշխանութիւնները 19 յոյներէն իւրաքանչիւրին պիտի վճառեն 30 հազարէն մինչեւ 5 միլիոն եուրօ վնասուց հատուցում։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.