
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին տեղի պիտի ունենայ մեծարանքի յուշերեկոյ մը՝ նուիրուած բանաստեղծ Նշան Շահէնին, Կլենտէյլ հանրային գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard St., Glendale, CA 91205):
Գրական արժեւորում պիտի ներկայացնէ գրականագէտ Մուրադ Իսկաջեան, իսկ սրտի խօսքեր պիտի արտասանեն «Նոր Հայաստան» օրաթերթի խմբագիր Վահան Վահանեան եւ Փայլակ Ահարոնեան: Հանդիսավարն է գեղարուեստագէտ Նունէ Աւետիսեան:
Գեղարուեստական բաժինին մէջ ելոյթ պիտի ունենան «Էլեքսիր» դաշնամուրի եռեակը եւ երգիչներ Սալբի Մայիլեան ու Արմէն Յովհաննիսեան՝ Անդրանիկ Մուրադեանի երաժշտական ղեկավարութեամբ: