ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդական Նովրուզ Մամատով, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29ին յայտարարեց, թէ նախքան Ասթանայի մէջ Դեկտեմբեր 1էն 2 կայանալիք ԵԱՀԿի գերաստիճանը, Հայաստան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու գծով իր որդեգրած դիրքորոշումը:
«Կարգ մը քայլեր պէտք է առնուին ԵԱՀԿի գերաստիճանէն առաջ», աւելցուց ան՝ առանց մանրամասնելու, սակայն ընդունելով, որ «դժուար է ըսել, թէ նման բան մը կրնայ տեղի ունենալ, որովհետեւ Հայաստան կը շարունակէ ոչ շինիչ կերպով մօտենալ գործընթացին»:
Ան նաեւ կարեւոր համարեց Աստրախանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութիւնը՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի իշխանութիւնները, Մոսկուայի օրինակին հետեւելով՝ աւելի գործօն մասնակցութիւն կը բերեն տագնապը լուծելու աշխատանքին մէջ: