ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Փասատինա քաղաքի Քոյր քաղաքներու յանձնախումբի Վանաձոր ենթայանձնախումբին ու համագործակցութեամբ Փասատինայի պետական երկրորդական վարժարանի Քրիստոնէական ակումբին, Կիրակի, Նոյեմբեր 14ին տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաքի տարեկան երկրորդ քայլարշաւը՝ նպաստելու համար Փասատինայի քոյր քաղաքներէն մէկը հանդիսացող Վանաձորի դպրոցներուն եւ անոնց աշակերտներուն:
Քայրաշաւը տեղի պիտի ունենայ կ.ե. ժամը 2էն 4ը: Արձանագրութեան թղթիկները տրամադրելի են վարժարանի Քրիստոնէական ակումբէն (2925 East Sierra Madre Boulevard, Pasadena) կամ հեռաձայնելով (626) 351-8137 ու (626) 345-0676 թիւերուն: Կարելի է նաեւ քայլարշաւին օրը արձանագրուիլ, սակայն պէտք է վարժարան հասնիլ ժամը 1:30ին:
Քայլարշաւը պիտի սկսի վարժարանի՝ Քուլիի պողոտային վրայ գտնուող մուտքէն:
Կարելի է նաեւ «Walk for children-Vanadzor» արշաւին նուիրատուութիւններ ուղարկել հետեւեալ հասցէով՝ Vanadzor Walk-a-Thon, 1536 Washington Blvd. Pasadena, CA 91104:
Հաւաքուած գումարը, ներառեալ նուիրատուութիւնները, ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուին Վանաձորի դպրոցներուն: 1991էն ի վեր գործող Փասատինա քաղաքի Քոյր քաղաքներու յանձնախումբի Հայաստանի ենթայանձնախումբը, կամաւորներու միջոցաւ օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէ Վանաձորին՝ դրամահաւաքի ձեռնարկներ կազմակերպելով, աշակերտներու փոխանակում կատարելով եւ Միջազգային քոյր քաղաքներ կազմակերպութեան արուեստի մրցոյթին Վանաձորէն պատանի արուեստագէտներու մասնակցութիւնը ապահովելով:
Կը ծրագրուի յառաջիկայ տարուան Սեպտեմբերին Վանաձոր այցելել՝ նշելու համար ենթայանձնախումբին քսանամաեակը եւ տեղւոյն վրայ մասնակցելու վերանորոգութեան աշխատանքներուն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.pasadenasistercities.org կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.