ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Գոհաբանութեան օրուան զուգադիպող «Հայաստան» հիմնադրամի աւանդական դարձած դրամահաւաքի թելեթոնի նախօրեակին, Կիրակի, Նոյեմբեր 21ին, Փասատինայի Քաղաքացիական հանդիսասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, դրամահաւաքի երգահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ՝ մասնակցութեամբ Էվա Ռիվասի, Անտրէի, Սոֆի Մխէյեանի, Ռազմիկ Ամեանի ու Հայաստանի պետական երաժշտական թատրոնի վեց ուսանողներու: Հանդիսավարն է՝ Հրանդ Թոխատեան:
Տոմսերու համար դիմել (818) 265-0506, (626) 449-7360 կամ (800) 888-8897 թիւերուն, կամ այցելել www.ticketmaster.com համացանցային կայքը: Տոմսերուն արժէքները կը սկսին 30 տոլարէն:
Յայտնենք, թէ «Հայաստան» հիմնադրամը որոշած է այս տարուան թելեթոնին հաւաքուած գումարները տրամադրել Արցախի ժողովուրդին ջուր ապահովեու ծրագիրներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.