
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 1ին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սպառնաց Հայաստանին, թէ ատրպեճանական ուժերը պիտի պարտադրուին ռազմական հակադարձութիւն ցոյց տալու, եթէ հայկական ուժերը շարունակեն խախտել զինադադարի պայմանները՝ դատապարտելով ատրպէյճանցի զինուորի մը վիրաւորուելուն պատճառ դարձած Կիրակի օրուան զինեալ միջադէպը:
Նախապէս, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ ատրպեճանական կողմը խախտած էր զինադադարը եւ հայկական ուժերը հակադարձած էին՝ կասեցնելու համար թշնամիին կրակոցները:
Նախքան սահմանային այս վերջին միջադէպը, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ անգամ մը եւս ազդարարած էր, որ եթէ Հայաստանի հետ շարունակուող բանակցութիւնները արդիւնք չտան, ապա Ատրպէյճան պատրաստ է ռազմական միջոցներու դիմելու՝ «ազատագրելու համար» Հայաստանի կողմէ «բռնագրաւուած տարածքները»: Ան աւելցուցած էր, թէ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը «լուրջ պատրաստութիւններ կը տեսնեն» այս նպատակով:
Նաեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Երկուշաբթի օր հաղորդեց, թէ այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն ընթացքին, ռազմական ճարտարարուեստի մարզին արտադրութիւնները երեք անգամով աւելի էին, քան 2009ի արտադրութինները: