ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթավերջի կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն էր «Հիւրրիյէթ» թերթի աւագ յօդուածագիր Օքթայ Էքշիի այս թերթէն հրաժարիլը։ Ան իր վերջին յօդուածներէն մէկուն մէջ, խօսելով վարչապետին ու քանի մը նախարարներու մասին՝ գրած էր, թէ անոնք նոյնիսկ «իրենց մայրը կը ծախեն»։ Վարչապետ Էրտողան եւ նախարարները խստօրէն դատապարտած էին այս յօդուածը, սակայն Էքշիի համար բուն հարցը այն էր, որ ան նոյնպէս ժողովուրդէն ու պաշտօնակիցներէն ստացած էր շատ բուռն հակազդեցութիւն։ Ցուցարարներ «Հիւրրիյէթ» թերթի շէնքին առջեւ ցոյցեր կատարեցին ու հրկիզեցին թերթէն օրինակներ: Էքշի ներողութիւն խնդրեց ու ընդունեց, որ այս անգամ չէր կրցած զսպել իր լեզուն, եւ այդ պատճառով, յարմար նկատած է հրաժարիլ «Հիւրրիյէթ»էն, վստահեցնելով, որ թերթը իրեն վրայ ճնշում չէր բանեցուցած այս որոշումին համար:
Էքշի երկար ժամանակէ ի վեր կը նախագահէ երկրի Մամլոյ խորհուրդին, որուն պարտականութիւնն է պաշտպանել մամուլին մէջ բարոյական սկզբունքները։ Էքշի ըսաւ, որ պիտի չհրաժարի խորհուրդի նախագահութենէն, մինչդեռ նախարարներ ու պաշտօնակիցներ կը պահանջէին, որ ան հրաժարի նաեւ այս պաշտօնէն։
«Մամլոյ ազատութիւնը այս երկրին մէջ յաճախ կը շփոթուի ուրիշը նախատելու ազատութեան հետ։ Ինչպէս Օքթայ Էքշիի պարագային շատեր դիտել տուին, որ լրագրողին պարտականութիւնն է քննադատել քաղաքագէտներն ու ղեկավարները, բայց առանց նախատելու կամ հայհոյելու։ Ասիկա ճիշդ է։ Բայց այս երկրին մէջ քաղաքագէտներն ալ շարունակ անսովոր որակականներով ու բառերով կը նախատեն զիրար։ Կը սպասուի, որ Օքթայ Էքշիի նման փորձառու գրողներ չիյնան այս խաղին մէջ, ու պահեն իրենց արժանավայել կեցուածքը», կը գրէ «Մարմարա»
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.