ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Զինք քննադատողները դատարան կանչել չմոռցող Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը Երկուշաբթի օրուան իր արտայայտութիւններով ցոյց տուաւ, թէ իր յիշողութիւնը սահմանափակ է, յատկապէս, երբ հարցը կը վերաբերի Թուրքիոյ պատմութեան ոչ փայլուն էջերուն:
Ըստ երեւոյթին, Էրտողան ոչ միայն Հայկական Ցեղասպանութեան, հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման կամ երկրին փոքրամասնութեանց դէմ անիրաւութիւնները մոռնալու տկարութիւնը ունի, այլ նաեւ սկսած է մոռնալ մօտիկ անցեալի դէպքերը:
Խօսելով Պոլսոյ մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած ռմբահարման մասին՝ Էրտողան բուռն կերպով քննադատեց բոլոր այն երկիրները, որոնք «ահաբեկչութեան հարցին մէջ Թուրքիան առանձին ձգած են, կամ մինչեւ իսկ օգնական կը հանդիսանան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու»։ Ան աւելցուց, թէ Թուրքիա դժգոհ է անոնց այս կեցուածքէն ու բաւարար չի նկատեր այդ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ երեւոյթները փրկելու համար կատարուած մակերեսային յայտարարութիւնները։
«Վաղը, երբ այս չարիքներուն արմատը պիտի չորցուի, այս ցաւերը պիտի մոռնանք, բայց բնաւ պիտի չմոռնանք, թէ ինչպէ՛ս մեզ առանձին ձգեցին այս խնդիրին մէջ», ըսաւ Էրտողան։
Անորոշ հասցէներու ու անորոշ «չարիքներու» մասին այս ամբաստանութիւնները կատարող Էրտողան ինչպէ՞ս ամբողջական զօրակցութիւն կրնայ ակնկալել ուրիշներէն, երբ համայն աշխարհը ականատես եղաւ Իրաքի պատերազմի օրերուն իր ամենամօտիկ դաշնակիցը «ծախելու» Անգարայի արարքին, որ ցոյց տուաւ, թէ Թուրքիա որքա՛ն վստահելի դաշնակից մըն է:
Միայն վերջերս, Անգարա Ուաշինկթընի դէմ կեցուածքներ որդեգրած է՝ Իրանի ու ամերիկեան հակահրթիռային վահանի հարցով, ու կը շարունակէ լարուածութիւնը սրել Ուաշինկթընի ամենասերտ դաշնակից Իսրայէլին հետ:
Էրտողան նման մակերեսային յայտարարութիւններ կատարելով ժամանակ վատնելու փոխարէն, պէտք է ահաբեկչութեան արմատները դարմանելու նպատակով շինիչ քայլերու դիմէ: Դիւրին է յանցաւորները այլ երկիրներու մէջ փնտռելով բեռը ժամանակաւորապէս տեղափոխել, սակայն նման ամբաստանութիւնները հարցեր չեն լուծեր. անոնք կրնան նպաստաւոր ըլլալ միայն ներքին ճակատին վրայ, եւ այդ ալ՝ հաւանաբար միայն Անատոլուիի հեռաւոր վայրերուն մէջ քուէարկողներ սիրաշահելով: