ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան, գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին ու «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին, Շաբաթ, Նոյեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երկու Աստղ» երգի անդրանիկ մրցումի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հայ երգարուեստին քաջալեր հանդիսացող մեծաթիւ հայորդիներու։ Ձեռնարկը իրագործուած էր Վիգէն Ստեփանեանի հսկողութեամբ։
Մրցումին բեմավարներն էին Վանան Մանճիկեան եւ Կարօ Անտոնեան։ Բացման հանդիսութեան ընթացքին անոնք շեշտեցին, որ այս մրցումը կը միտի մասնակիցներուն միջեւ ստեղծել մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ եւ քաջալերել երիտասարդ տարրերը, որպէսզի անոնք բացայայտեն իրենց ձիրքերն ու կարողականութիւնները։
«Երկու Աստղ»ին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եօթը զոյգ երգիչներ ու երգարուեստը սիրող երիտասարդներ:
Մասնակից զոյգերն էին՝ Լիզա Սվաճեան եւ Վարդան Ազնաւուրեան, Գարմէն Աճէմեան եւ Կարօ Ակոբեան, Կարօ Կապուտակեան եւ Մարալ Ղարիպեան, Հրաչ Կայծակեան եւ Լուսին Տեմիրճեան, Ճոնի Կէօքճեան եւ Դալար Խաչատուրեան, Յովիկ Քէօշկէրեան եւ Իվոն Այվազեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Րաֆֆի Տիշչեքէնեան։
Մասնակից զոյգերուն կ՛ընկերակցէր «Աղթամար» նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի։ Նուագախումբին մաս կը կազմեն Ալեք Թիրճանեան (ստեղնաշար), Կարօ Պասմաճեան (պէյս կիթառ), Գառնիկ Պաղտասարեան (սոլօ կիթառ) եւ Գօգօ Եալմեան (հարուածային գործիքներ)։
Իսկ մրցումի դատական կազմին մաս կը կազմեն Արմէն Քեչեկ, Կարօ Աւէսեան, Ֆելիքս Յարութիւնեան, Վարդան Մկրտիչեան եւ Նոնա Մանոյեան։
Նշենք, որ տեղի ունեցածը «Երկու Աստղ» երգի մրցումին առաջին հանգրուանն էր, որուն ընթացքին, դատական կազմին գնահատումով մասնակիցներէն երկու զոյգ դուրս մնաց մրցումէն։ Ուրբաթ, 12 եւ Կիրակի, 14 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան մրցումին երկրորդ եւ աւարտական հանգրուանները։