Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Լոնտոնի մէջ, դեռ անցեալ Երկուշաբթի յայտարարեց, որ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը ոչ մահացած է, ոչ ալ՝ սառած: Իրականութեան մէջ, որոշ բաներ անձայն կ՛ընթանան»:
Գրեթէ նոյն օրերուն, Զուիցերիոյ նախագահ Տորիս Լէօթարտ, թրքական «Զաման» թերթի լրագրողին յայտնած է, որ հայ-թրքական «արձանագրութիւնները ստորագրուած են անցեալ տարի, սակայն առայժմ վերջնական նպատակին չեն հասած… Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները սեղանի վրայ են։ Ըստ իս, իրականին մէջ, յարաբերութիւններու կարգաւորման համար գոյութիւն ունի քաղաքական կամք։ Այդ առնչութեամբ, յոյսով ենք, որ հոլովոյթը կը շարունակուի։ Երբ ժամանակը գայ, հանրութեան պիտի տրամադրենք անհրաժեշտ տեղեկութիւնը։ Որեւէ կասկած չկայ, որ կողմերը յարաբերութիւններու կարգաւորման համար քաղաքական կամք ունին։ Երբեմն հանրութեան առջեւ շատ նուրբ մանրամասնութիւններ քննարկելէ աւելի օգտակար կ՛ըլլայ լուռ դիւանագիտութիւնը։ Յոյսով ենք, որ արձանագրութիւնները կը վաւերացուին երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ։ Ձեզի որեւէ ճշգրիտ ժամկէտ այդ առնչութեամբ չեմ կրնար ըսել։ Սակայն կարեւոր չէ հոլովոյթին արագութիւնը, այլ՝ որակը»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, այս անգամ չուշացուց իր հերքումը, եւ Նիւ Տելհիի մէջ, անցեալ Հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ «չկայ լուռ դիւանագիտութեան», ոչ ալ Ցիւրիխի երկրորդ փուլ, ոչ ալ նոր բանակցութիւններ: Հայաստան պատրաստ է յառաջ շարժելու արձանագրութիւնները վաւերացնելու ուղղութեամբ, եթէ Թուրքիան հրաժարի իր դրած նախապայմաններէն, շարունակած է Նալբանդեան:
Ասիկա արդէն հաստատ՝ լուռ դիւանագիտութիւն չէ, սակայն, չենք կրնար չնկատել, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները դարձեալ օրակարգի հարց դարձնելու միտում մը կայ, եւ այդ միտումը առկայ է թէ՛ թրքական եւ թէ հայկական կողմերուն մօտ: Զուիցերիան ալ պատրաստ է միջնորդի իր դերը վերստանձնելու:
Այս բոլոր խօսակցութիւնները, յայտարարութիւնները, մէկ բան յստակ կը դարձնեն, որ կողմերը զիրար կը տեղեկացնեն, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները մեռած չեն, ու դեռեւս անոնց ստորագրումը հնարաւոր դարձնելու ճանապարհներ կը փնտռուին:
Հաւատալով մեր նախարարին՝ կ՛ընդունինք, որ այսօր գաղտնի բանակցութիւններ չեն տարուիր Թուրքիոյ հետ, որ այսօր Զուիցերիան չէ ձեռնարկած Ցիւրիխի երկրորդ փուլի միջնորդական առաքելութեան, որ այսօր հայկական կողմը կը մնայ իր դիրքորոշումին վրայ՝ արձանագրութիւնները վաւերացնել առանց նախապայմանի:
Այս պայմաններուն տակ, պարտաւոր կը զգանք մեր կարգին, հետեւեալ կէտերը յանձնել հանրութեան ուշադրութեան.
Մենք դէմ ենք այս արձանագրութիւններուն, նոյնիսկ եթէ Թուրքիան զանոնք ստորագրէ առանց որեւէ նախապայմանի: Բազմիցս բացատրած ենք, որ արձանագրութիւնները իրենք կը պարունակեն այնպիսի կէտեր, որոնք կը վտանգեն մեր անկախ հանրապետութեան ապագան:
Մենք անհանգիստ ու մտահոգ պիտի մնանք այնքան ատեն, որ Հայաստանը ետ չէ քաշած իր ստորագրութիւնը այդ արձանագրութիւններէն, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման նոր փաստաթուղթ մը պատրաստելու տրամադրութիւն չէ յայտնած. փաստաթուղթ մը, ուր պիտի պաշտպանուին մեր ազգային շահերը:
Մենք հայ-թրքական արձանագրութեանց վերաբերեալ հայկական, թրքական եւ զուիցերիական կողմերէն եկած հրապարակային ակնարկները կը նկատենք բանակցութեանց իւրայատուկ ընթացք, որուն բնոյթը պայմանաւորուած է պարզապէս այսօրուան որոշ անհամատեղելի դիրքորոշումներով, որոնք կրնան որեւէ ժամանակ, որեւէ հանգրուանի մէջ շրջափոխուիլ՝ ի վնաս մեր պետականութեան:
Մենք կ՛անդրադառնանք, որ այսօր, մենք ունինք մեր հանրապետութիւնը ուժեղացնելու, այնտեղ արդար կառավարումի համակարգ հաստատելու, Արցախի անկախութեան միջազգայն ճանաչումը ապահովելու ու բազում այլ մարտահրաւէրներ, որոնք մեզմէ բոլորէս կեդրոնացուած ուշադրութիւն ու աշխատանք կը պահանջեն: Այս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, մենք կը հաւատանք, որ մեր պետութեան գլուխ կանգնած մարդիկը պարտին մեր ուժերը միաւորելու ուղղութեամբ աշխատիլ, այլ ոչ թէ կասկած ու անվստահութիւն սերմանող գաղտնի թէ հրապարակային գործողութիւններ ձեռնարկել:
Մենք պարզապէս կ՛ուզենք վերջնականապէս, անվերադարձ փակել տխրանուն արձանագրութիւններու էջը ու շարժիլ առաջ, այլ ոչ թէ նոյն ջրապտոյտին մէջ բռնուելու ու միշտ խեղդուելու մղձաւանջը ապրիլ շարունակ: