Ինչպէս հաղորդած էին, Հոկտեմբերի 17ին «Ֆորտ» բացօդեայ սրահին մէջ կայանալիք «Համազային»ի «Մոզայիք 4» համերգը, անձրեւոտ եղանակին հետեւանքով յետաձգուած էր:
Ձեռնարկի նոր թուականն է Փետրուար 5, 2011, երեկոյեան ժամը 8ին, իսկ վայրը՝ Սան Կապրիէլի թատերասրահը: Տոմսերը ի զօրու կը մնան, իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին վերադարձնել տոմսերը, կրնան դիմել support@itsmyseat.com կամ info@hamazkayin.net հասցէներուն, մինչեւ Նոյեմբեր 15: Տոմսերու եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.itsmyseat.com կայքը: