ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 11ին ընդունած է ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ ԼՂՀ փոխվարչապետ, ելեւմտական նախարար Սպարտակ Թեւոսեանը եւ հարկային պետական ծառայութեան պետ Արտակ Բալայեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հարկային ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ պէտք է զարգացնել համագործակցութեան մակարդակը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են մարդուժի պատրաստութեան եւ վերապատրաստման, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ կառավարման ելեկտրոնային համակարգի ներդրման հարցեր: Նախագահը կարեւոր համարած է ժամանակակակից գիտական միջոցներու կիրառումը՝ ոլորտի զարգացման մէջ: