Ռուս դիւանագէտ ու ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի նախկին համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրով վերջերս հրապարակած իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է 1994ի ղարաբաղա-ատրպեճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ ստեղծուած իրավիճակին եւ հրադադարի մասին համաձայնագիր ստորագրելու որոշ հանգամանքներուն։
Քազիմիրով, որ նշեալ համաձայնագիրը ստորագրելու հարցին մէջ անձնական մեծ ներդրում ունի, իր յօդուածով պատասխանած է Վաֆա Կիւլիզատէի՝ նշեալ շրջանի իրողութիւնները հրապարակաւ խեղաթիւրելու փորձին։ «Ան չ՛ուզեր խոստովանիլ, որ 1994ի Մայիսին, ռազմական շարք մը անյաջողութիւններէ ետք, Պաքուն ինք հաշտութիւն կը փնտռէր», ըսած է ան։
Քազիմիրով գրած է. «Մայիսի 8ին, Հայտար Ալիեւի մօտ կայացած խորհրդակցութեան ժամանակ, անոր ուղղակի օրհնութեամբ, Կիւլիեւը ստորագրեց Պիշքեքեան արձանագրութիւնը։ Հայտար Ալիեւ նոյն պահուն, անմիջապէս առաջարկեց արագ կերպով նախապատրաստել հրադադարի մասին համաձայնագիր։ Ատիկա ամբողջութեամբ կը համընկնէր նաեւ մեր մօտեցումին։ Մայիսի 9ին, Ատրպէյճանի հանրապետութեան նախագահին մօտ, աւելի նեղ շրջանակով իմ կողմէ պատրաստուած նախագիծը քննարկելէ ետք, անոր իսկ օրհնութեամբ՝ պաշտպանութեան նախարար Մամետով երկու անգամ ստորագրեց զայն. սկիզբը միայն Ստեփանակերտի հետ, իսկ ապա՝ ներառեալ նաեւ Երեւանը»։
Վլատիմիր Քազիմիրով հարկ համարած է Վաֆա Կիւլիւզատէի յիշողութիւնը թարմացնել նաեւ այդ ժամանակաշրջանին ռազմաճակատին վրայ տիրող իրավիճակին շուրջ։ «Ռազմաճակատին վրայ այդ օրերուն տիրող իրավիճակի մասին յերիւրանքներուն մէջ Կիւլիզատէն դարձեալ ամէն ինչ գլխիվայր եկած կը ներկայացնէ. Ատրպէյճան աշխոյժ կերպով կը ճնշէր հայկական զօրքերը, ճակատի գրեթէ ամբողջ երկայնքով։ Այո, մօտաւորապէս այդպէս էր, սակայն 1993-1994ի ձմրան, հակայարձակումը անոր պատճառեց հսկայական կորուստներ (յատկապէս Օմարի լեռնանցքին մէջ)։ 1994ի Ապրիլ-Մայիսին, Պաքուն կը մտածէր միայն այն մասին, թէ ինչպէս պահէ Թարթառն ու Պարտան, որպէսզի հայերուն թոյլ չտայ հասնիլ Կուռ գետի ափ (ատիկա կը սպառնար կրկնել 1993ի ողբերգութիւնը, երբ հայերը հասան Արաքս գետի ափ՝ Իրանի սահման)», գրած է Քազիմիրով։
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Վաֆա Կիլիւզատէն 1994ի իրողութիւնները չէ մոռցած. «Նոյնիսկ ողջամտութիւնը կը յուշէ, որ առանց սուր անհրաժեշտութեան, Պաքուն դժուար թէ ընդունէր անժամկէտ հրադադար՝ կորսնցուցած ըլլալով 7 շրջան եւ ի հեճուկս իր նախապայմաններուն», նշած է ռուս դիւանագէտը։