ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15ին դարձեալ յայտնեց, թէ Թուրքիա «իսրայէլացի ժողովուրդին հետ հարց չունի, այլ՝ Իսրայէլի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան հետ»։
Թուրք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Կիւլ շեշտեց, թէ «Իսրայէլի հետ տագնապը պէտք չէ Թուրքիոյ մէջ հրեաները մտահոգէ, որովհետեւ անոնք թուրք քաղաքացիներ են»։