ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ շեշտեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը Սուրիան հետաքրքրող հարց մըն է՝ խօսելով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի եւ այլ ղեկավարներու սպանութեան հարցով կազմուած միջազգային ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութեան ստեղծած լարուածութեան մասին:
«Լիբանան Սուրիոյ ուղղակի դրացին է, եւ նախագահ Պաշշար Ասատ Լիբանանի կայունութիւնը շատ անհրաժեշտ ու կարեւոր կը նկատէ», ըսաւ Մոալլեմ, որ աւելցուց, թէ այս նպատակով սուրիական-սէուտական հսկայական ջանքեր ի գործ կը դրուին, «սակայն ամէն բանէ առաջ, հիմնական որոշումը լիբանանցիներուն մօտ կը գտնուի»։
Մոալլեմ ընդգծեց նաեւ, որ հակառակ Լիբանանի կայունութիւնը երաշխաւորող սէուտական-սուրիական ջանքերուն, կան նաեւ այլ կողմեր, որոնք ճիգերը խանգարել կը փորձեն: