ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Նոյեմբեր 7ին ու 14ին տեղի ունեցած Յունաստանի տեղական ընտրութեան արդիւնքներուն համաձայն, իշխանութեան գլուխ գտնուող ընկերվարականները յատկանշական յաղթանակ մը արձանագրած են, հակառակ երկրի տնտեսական ճգնաժամին, որուն հետեւանքով իշխող կուսակցութիւնը կրնար ծանր պարտութիւն մը կրել: Սակայն, 13 նահանգային ընտրութեանց ընթացքին, իշխող կուսակցութեան թեկնածուներէն ութն կրցած է յաղթանակ ապահովել. 24 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, ընկերվարակաները իրենց հակակշիռին տակ պիտի պահեն երկրին երկու մեծագոյն քաղաքներուն՝ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի, քաղաքապետութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.