ՌԱՆԿՈՒՆ, «Ռոյթըրզ».- Ազատ արձակուելէն մէկ օր ետք, Կիրակի, Նոյեմբեր 14ին, պուրմացի այլախոհ Աունկ Սան Սու Քի հանդիպումներ ունեցաւ տասնեակներով դեսպաններու, հարիւրաւոր լրագրողներու եւ տասնեակ հազարաւոր համակիրներու հետ: Ժողովրդավարութեան ի նպաստ տարած աշխատանքին համար Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին արժանացած 65ամեայ Սու Քի, վերջին 21 տարիներուն 15ը անցուցած է բանտերու կամ տնային կալանքի մէջ: Ան կը պատրաստուի վերականգնելու իր կուսակցութիւնը:
Յատկանշական է, որ Սու Քի ազատ արձակուելէն շաբաթ մը առաջ, պետական հարուածով մը երկրի կառավարութեան տիրացած բանակի հրամանատարութեան համակիր քաղաքական կուսակցութիւնը, խորհրդարանին մէջ իր դիրքը ամրապնդած էր՝ խլելով քուէներու 80 տոկոսը: Սու Քիի համակիրիները չէին մասնակցած ընտրութեանց եւ Սու Քի Կիրակի օր դատապարտեց ընտրական օրէնքներու այն խախտումները, որոնք տեղի ունեցած էին Նոյեմբեր 7ի խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին: