ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Ըստ ԼՂՀ կառավարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեանի, վերջին 2 տարուան ընթացքին Ղարաբաղի մէջ կ՛իրականացուին մահմետական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած աշխատանքներ: Այս ծիրէն ներս, 2009ի սկիզբը վերանորոգուած է Շուշիի վերին մզկիթի տանիքը, մաքրուած է ներքին մասը, ինչպէս նաեւ մզկիթին յարակից տարածքը:
Վերականգնողական աշխատանքներ կատարուած են նաեւ Ակնի մէջ գտնուող մզկիթին մէջ: «Այդ աշխատանքներն իրականացուել են ԼՂՀ պիւտճէի միջոցների հաշուին, եւ 2011ին մահմետական մշակութային ժառանգութեան պահպանմանն ուղղուած աշխատանքները շարունակուելու են», նշած է Շահվերդեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.