ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Աշնանային զօրակոչի իրականացման նպաստելու նպատակով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) եւ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) «Երիտասարդ համալսարանականների միաւորում» կազմակերպութեան նախաձեռնած միացեալ ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 17ին, ՊՆ վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է համալսարանական զինակոչիկներու հանդիպումը պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ:
«Հայաստանի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը հայկական բանակն է, որը պաշտպանում է մեր պետականութիւնը, անկախութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Սէյրան Օհանեան:
Նախարարը կարեւոր համարած է հայկական բանակին հզօրութիւնը, որ անհրաժեշտ է տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան ներկայ պայմաններուն համար: Ս. Օհանեան նշած է, որ բանակը բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող երիտասարդներով համալրելով, հայկական բանակը շեշտը կը դնէ որակին վրայ, աւելի քան՝ քանակին: Նախարարը աւելցուցած է, որ ծառայութեան ընթացքին զինուորները կը ստանան անհրաժեշտ կրթական ու մարտական բոլոր ունակութիւնները:
Անդրադառնալով ոչ կանոնադրական յարաբերութիւններուն՝ Օհանեան յայտնած է, որ մեր բանակին մէջ նման երեւոյթ չկայ, սակայն, ամէն ջանք կը թափուի, որ ապագային նոյնպէս այդ մէկը բացառուի: Սակայն, ըստ նախարարին, աշխարհի բոլոր բանակներուն մէջ բախում կայ այդ խնդիրին հետ, մանաւանդ՝ կարգապահութեան պահպանման առումով:
Խօսելով սպաներու եւ զինուորներու միջեւ միջադէպերուն մասին՝ նախարարը ըսած է, որ վերջին տարիներուն այդ միջադէպերուն թիւը նուազած է: «Միջադէպեր բանակում եղել են, կան, եւ ցաւօք սրտի, կը լինեն. սակայն մենք աշխատում ենք դրանք նուազագոյնի հասցնել», ըսած է Օհանեան՝ նշելով, որ նման բախումներ տեղի կ՛ունենան յատկապէս այն պատճառով, որ զինուորը չի կատարեր իր պարտականութիւնները: Նախարարը նաեւ աւելցուցած է, որ բանակը այն վայրն է, ուր երիտասարդները կը լուծեն ինքնակայացման խնդիրներ: Ապա անդրադառնալով ծառայութենէն ետք աշխատանք ապահովելու հարցին՝ Սէյրան Օհանեան ըսած է, որ ՊՆ այդ հարցերով չի զբաղիր, սակայն լաւագոյն զինուորներուն կ՛առաջարկէ ծառայութիւնը շարունակել պայմանագրային հիմքով:
Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահին այն յայտարարութիւնը, թէ՝ հայկական բանակին դիրքերը կը տկարանան՝ Օհանեան յայտնած է, թէ ատրպեճանական կողմին դիրքերն են տկարացողը, իսկ Հայաստանի ու ԼՂՀի դիրքերը ոչ միայն չեն տկարանար, այլեւ կ՛ուժեղանան: Օհանեան նաեւ ըսած է, թէ զերծ մնալով հանդերձ սպառազինութիւններու մրցավազքէն, Հայաստան ձեռք կը բերէ նոր սպառազինութիւն: «Ուժերի «պալանս»ի պահպանման խդնիրը մենք լուծում ենք ոչ թէ քանակական, այլ որակական գերազանցութեան հաշուին: Կան հակառակորդի քանակային գերազանցութեան չէզոքացման շատ միջոցներ եւ մենք ձեռնարկում ենք անհրաժեշտ քայլեր», ըսած է Օհանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.