ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 17ին մասնակցած է Ռուսաստանի հայերու միութիւն համառուսաստանեան հասարակական կազմակերպութեան 10ամեայ յոբելեանին առթիւ կայացած տօնակատարութեան, որուն ընթացքին ունեցած իր ելոյթով գնահատած է միութեան շարունակական աշխատանքն ու կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող բազմաբնոյթ ծրագիրները: Ան միութիւնը շնորհաւորած է յոբելեանին առթիւ եւ անոր մաղթած նորանոր յաջողութիւններ, արգասաբեր աշխատանք՝ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդին:
«Մենք մշտապէս հետեւում եւ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ենք տալիս ձեր նուաճումներին ու խնդիրներին, քանի որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնում է գտնւում աշխարհի ամենաստուար հայկական համայնքը: Դրանով է նաեւ բացատրւում այն հանգամանքը, որ շարունակաբար ամրացող հայկական կազմակերպութիւնը՝ Ռուսաստանի հայերի միութիւնը, ձգտում է միշտ լինել համահայկական նախաձեռնութիւնների առաջամարտիկների շարքում: Տարիների հետեւողական աշխատանքի արդիւնքն է նաեւ, որ այսօր միութիւնը դարձել է այն իւրօրինակ ամրասիւնը, որն իր շուրջ կարողանում է համախմբել Ռուսաստանի հայութեանը», նշած է նախագահ Սարգսեան, կարեւոր համարելով դերը Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, որոնք Հայաստանի անկախութեան վերստեղծումէն ի վեր, հայաստանաբնակ մեր ժողովուրդին հետ կը կրեն ե՛ւ յաջողութիւններու, ե՛ւ դժուարութիւններու պատասխանատուութիւնը՝ իրենց նպաստը բերելով հայրենիքի զարգացման ու հզօրացման գործին, միաժամանակ կամուրջ հանդիսանալով միջպետական յարաբերութիւններու մէջ:
Նոյն համաթեքսթին մէջ, նախագահը խօսած է հարուստ պատմութիւն եւ մարդկային հզօր ներուժ ունեցող Ռուսիոյ հայ համայնքին մասին. «Անուրանալի է մեր հայրենակիցների ներդրումը հայ-ռուսական համագործակցութեան ընդլայնման եւ յատկապէս դրա տնտեսական բաղադրիչի զարգացման մէջ: Պատահական չէ, որ Ռուսաստանը մեր ռազմավարական դաշնակիցն է եւ յուսալի գործընկերը: Պատահական չէ նաեւ, որ Հայաստանում իրականացուող ներդրումային ծրագրերի ասպարէզում հէնց Ռուսաստանն է զբաղեցնում առաջին տեղը: Սա օրինակելի միջպետական յարաբերութիւնների դրսեւորում է, որի զարգացմանը նաեւ նպաստում է այս երկրում ապրող հայ համայնքը», ըսած է նախագահ Սարգսեան, ընդգծելով, որ այժմ մեր խնդիրը Հայաստան-Սփիւռք կապերու հետագայ ընդլայնումը եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համադրումն է:
Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով, Հայ-ռուսական բարեկամութեան խորացման, ազգային շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար, Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով:
Նշենք, որ Ռուսաստանի հայերու միութեան յոբելինական համագումարի մասնակիցներուն ողջոյնի ուղերձ յղեց նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին։
«10 տարուան աշխոյժ եւ բեղմնաւոր գործունէութեան ընթացքին, Ռուսաստանի հայերու միութիւնը դարձած է հեղինակաւոր եւ պահանջուած հասարակական կազմակերպութիւն մը, որ կը միաւորէ Ռուսիոյ 2.5 միլիոն հայերը: Ձեր գործունէութեան ընթացքին եղած են մարդասիրական եւ լուսաւորչական լուրջ նախագիծեր: Յարգանքի արժանի է ձեր դերը՝ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ աւանդական բարեկամական եւ ռազմավարական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ», նշուեցաւ Փութինի ուղերձին մէջ:
Իր կարգին, Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան յայտնեց, թէ 2011ին, միութիւնը կը նախատեսէ ընդլայնել իր գործունէութեան ոլորտը: Իր բացման խօսքին մէջ ան յայտնեց, թէ միութիւնը ունի նոր նախագիծեր, որոնք աւելի արդիականացուած են եւ կը միտին Ռուսիոյ ու Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման, երկու ժողովուրդներու միջեւ համաձայնութեան հաստատման ու հասարակական, ազգային եւ կրօնական հակամարտութիւններու կանխման: Ան նաեւ նշեց, թէ գերակայ ուղղութիւն կը մնայ երիտասարդութեան հետ աշխատանքը:
Աբրահամեան աւելցուց, որ միութիւնը աշխուժօրէն կը մասնակցի Ռուսիոյ հանրային եւ հասարակական կեանքին, կը շփուի ազգային կազմակերպութիւններուն հետ եւ կը փնտռէ խնդիրներու լուծման ուղիներ:
Աբրահամեան եզրափակեց, թէ միութեան նպատակներն են՝ ինքնութեան, մշակոյթի պահպանումը ու հայերու համախմբուածութեան ամրապնդումը, աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ այժմ կ՛ընթանան «Ռուսական երգի օրեր», որուն կը մասնակցի 1600 դպրոց եւ 400 հազար երեխայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.