
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ամերիկահայ գործարար Վիգէն Եագուպեան, աշխարհահռչակ գինեգործ Փօլ Հոպսի հետ ստեղծելիք իր հայկական նոր գինիին վաճառանիշը կը նախատեսէ տեղադրել միջազգային քարտէսի վրայ՝ ստեղծելով որակապէս մրցունակ գինի:
Նշենք, որ Փ. Հոպս, քննադատներու կողմէ ընդգրկուած է գինեգործներու աշխարհի լաւագոյն տասնեակին մէջ: Աշխարհի տարբեր արտադրողներու համար ան ստեղծած է բազմաթիւ վաճառանիշեր. անոր գինիները ներկայացուած են 30 երկիրներու մէջ, յատկապէս՝ գինիի աւանդոյնթներ ունեցող առաջատար երկիրներու մէջ, իսկ 1991ին, ան ստեղծած է իր սեփական գինին:
Գինիի համաշխարհային շուկային մէջ պատկերացնելու համար անոր գործօնը, կարելի է «Google»ով որոնել եւ տեսնել հարիւր հազարաւոր յղումներ անոր անուան եւ գործունէութեան մասին: Իսկ Եագուպեանի վստահութիւն կ՛ընծայէ ոչ միայն հանրաճանաչ գինեգործին իբրեւ խորհրդատու առնչութիւնը նշեալ նախագիծին, այլեւ այն փաստը, որ Հոպս կը մասնակցի իբրեւ գործընկեր. «Հետեւաբար իր եւ իր անունին համար ալ այդ յաջողութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի: Ատիկա կ՛երաշխաւորէ նախագիծին յաջողութիւնը», յայտնած է Վ. Եագուպեան, որ երկուքուկէս տարուան ուսումնասիրութիւններէ ետք հաւնած է Հայաստանի հողն ու կլիման, նաեւ հոն հսկայական ներոյժ տեսած է՝ միաջազգային մակարդակի բարձրորակ գինիի արտադրութեան համար:
Եագուպեանի հաւաստումով, գինիի արտադրութիւնը կը սկսին ոչ թէ խաղող գնելով եւ գործարան ձեռք բերելով, այլ՝ միջազգային չափանիշերու համապատասխան՝ կը հիմնադրուին սեփական այգիները եւ կը կառուցուի նոր գինեգործարան։ Ըստ իրեն, նշեալ այգիները սովորական այգիներէ կը տարբերին նոյնիսկ խաղողի որթատունկերու հեռաւորութեամբ, մշակման եղանակով եւ այլն։
Վիգէն Եագուպեան յայտնած է, թէ հողերը արդէն ձեռք բերուած են եւ ներկայիս կ՛ընթանայ հողի քիմիական բաղադրութեան փորձաքննութիւնը, որմէ ետք պիտի որոշուի յատկապէս, թէ ո՞ր տեսակի խաղողներէն կը ստացուի լաւագոյն գինին: Ըստ անոր, նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են երկուքուկէս տարի առաջ, սակայն տակաւին չորս տարի եւս սպասել պէտք է՝ առաջին բաժակ գինին խմելու համար: Այդ ընթացքին պիտի դրուին գինիի գործարանին հիմքերը ու պիտի սկսին կառուցման աշխատանքները։
«Այս գինին, ի հարկէ, պիտի մրցակցի ծանօթ գինիներու հետ, սակայն շուկայ ներթափանցելու հիմքերը իրատեսական են եւ միջազգային ճանաչումը երկարատեւ համակարգուած աշխատանք կը պահանջէ», նշած է Վ. Եագուպեան՝ աւելցնելով. «Միեւնոյն ժամանակ, մենք կ՛ուզենք առաջնահերթութիւնը ըլլայ այն, որ երկիրը ընդունի այդ գինին, հպարտ զգայ այդ գինիով»: