ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ի պաշտպանութիւն «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեանի, Նոյեմբեր 18ին հայաստանեան քանի մը լրատուամիջոցներու պատասխանատուներ հրաւիրած էին ասուլիս մը «Հայկական Ժամանակ»ի խմբագրատան մէջ։ Անոնց կարծիքով, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է ոչ միայն ապահովեն Նիկոլ Փաշինեանի անվտանգութիւնը, այլեւ անյապաղ ազատ արձակեն զայն: Ասուլիսին ներկայ էին «Առաւօտ», «Ժամանակ», «Հրապարակ», «Չորրորդ ինքնիշխանութիւն», «168 ժամ» թերթերու եւ «Հ1+», «Armenia Tօday», «1in.am», «epress.am», «lragir.am», «hetq.am» լրատուական կայքերու խմբագիրները:
«Որեւէ ձեւով ապացուցուած չէ, որ Նիկոլ Փաշինեանը եւ միւս քաղբանտարկեալները կատարել են որեւէ գործողութիւն, որը հակասում է Քրէական օրէնսգրքին: Կարծում եմ, որ քաղբանտարկեալներին եւ Փաշինեանին պաշտպանելը կապ չունի քաղաքական հայեացքների կամ անձնական համակրանքների եւ հակակրանքների հետ: Դա կապ ունի սովորական մարդկային պարկեշտութեան հետ», յայտարարեց «Առաւօտ»ի խմբագիր Արամ Աբրահամեանը՝ աւելցնելով, որ բոլոր պարկեշտ մարդիկ իրենց ձայնը բարձրացուցին՝ ի պաշտպանութիւն բանտարկուած լրագրողին:
«Ա1+»ի ղեկավար Մեսրոպ Մովսէսեան, իր կարգին յայտարարեց, որ Փաշինեանի վիճակին մէջ կրնայ յայտնուիլ իւրաքանչիւր խմբագիր: «Միայն մի բանի համար, որ ուզում ենք մեր երկիրը շիտակ ճանապարհով գնայ, եւ մեր ժողովուրդը մի քիչ շունչ քաշի: Շունչ քաշելու համար նրան օդ է պէտք, իսկ օդը տալիս է միայն մամուլը», յայտնեց ան:
«Armenia Today»ի համակարգող Արգիշտի Կիւիրեան նաեւ աւելցուց, որ Փաշինեանը բանտարկուած է իր լրագրողական գործունէութեան համար եւ այսօր վտանգուած է անոր կեանքը: «ՔԿՀում, ուր նա այժմ գտնւում է, որեւէ կերպ ապահովուած չէ նրա անվտանգութիւնը», յայտնեց Կիւիրեան եւ շեշտեց, թէ իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ ազատ արձակեն Փաշինեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.