ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփուի յայտարարած է, որ Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու աւարտէն ետք իսկ, Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութիւնը երաշխաւորուած չէ, որովհետեւ անկէ ետք պիտի գնահատուին նաեւ անդամակցութենէն դուրս այլընտրանքները:
Եւրոպայի քաղաքականութեան կեդրոնին (EPC) առջեւ ելոյթի մը ընթացքին, ներկայացնելով իր տեսակէտը՝ Վան Ռոմփուի ըսած է. «Հակառակ շարք մը խոչընդոտներու, Անգարայի հետ բանակցութիւնները դեռ կը շարունակուին: Խնդիրները ոչ թէ արտասահմանեան երկիրներու, այլ անդամ երկիրներու հետ են: Այդ խնդիրները պէտք է լուծուին: Մեզ հետաքրքրող մասը Թուրքիոյ կողմէ Եւրոմիութեան անդամ Կիպրոսի հետ՝ միութեան անդամ միւս երկիրներու համահաւասար վերաբերում ապահովելն է: Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները դեռ երկար պիտի տեւեն, իսկ այդ երկրի անդամակցութեան հարցը պիտի որոշուի Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրներու մէջ կայանալիք հանրաքուէին միջոցով: Եւրոմիութեան անդամակցող երկիրները պէտք է հաւասար յարգանք դրսեւորեն միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն նկատմամբ: Ինչպէս գիտէք, բանակցութիւններու աւարտին, Անգարայի համար անդամակցութեան հարցով կարելի է համաձայնութիւն չապահովել Եւրոմիութենէն ներս»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.