ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17ին, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատները յաջորդ Քոնկրեսին մէջ իրենց ղեկավարը ընտրեցին Նենսի Փելոսին, հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը շրջանակներ կը փափաքին զայն փոխարինել, Քոնկրեսի վերջին ընտրութեանց ընթացքին դեմոկրատներուն կրած պարտութեան պատճառով: 70ամեայ Փելոսի խլեց 150 քուէներ, մինչ անոր մրցակիցը՝ Հիթ Շուլըր, կրցաւ միայն 43 քուէ ապահովել:
Միւս կողմէ, հանրապետականները Հինգշաբթի օր որոշեցին 112րդ Քոնկրեսին մէջ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ ընտրել Ճան Պէյնըրը, մինչ Էրիք Քենթըր պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավարը:
Նախագահ Պարաք Օպամա եւ Պէյնըր պիտի ստիպուին քաղաքական գոյակցութեան, սակայն տարակարծութեանց նիւթ եղող հարցերուն շուրջ համախոհութեան գոյացումը հարցական կը մնայ։ Երկկուսակցական յարաբերութիւնները ոչ խոստմնալից սկիզբ մը ունեցան արդէն, երբ Օպամայի եւ քոնկրեսական ղեկավարներու միջեւ Օպամայի առաջադրած Նոյեմբեր 18ի հանդիպումը, հանրապետականներու պնդումով յետաձգուեցաւ, ու տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 30ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.