ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ օրակարգի հիմնական նիւթը կը մնայ Նոյեմբեր 7ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած զեղծարարութիւնները: Իշխանութեան ջանքերով, խորհրդարանին մէջ ոչ մէկ ընդդիմադիր կուսակցութեան ներկայացուցչի չընտրուիլը կը նկատուի Պաքուի ստանձնած ժողովրդավարական պարտաւորութիւններէ «միանշանակ հրաժարում»: «Ենի Մուսաւաթ» թերթի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը վճռեց ընտրութիւնները զանգուածաբար կեղծելու ճանապարհը, «Re:AL!» շարժումի համահիմնադիր Իլկար Մամմետով ըսած է. «Կ՛երեւի, թէ ամէն օր պատերազմի մասին խօսող իշխանութիւնը, կը ցանկայ ինքզինք ամբողջութեամբ ապահովագրել անսպասելի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններէ: Իշխանութիւնը վտանգաւոր կը համարէ խորհրդարանին մէջ նոյնիսկ քանի մը ընդդիմադիրներու անսպասելի ելոյթը: Մարդիկ նման ընտրութիւններու հետեւանքով կը կորսնցեն պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը: Պատերազմի պարագային, իշխանութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ զօրակոչի ենթարկել պետութեան նկատմամբ հաւատքը կորսնցուցած քաղաքացիները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.