ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18ին կայացած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, թէ Ռուսիա պատրաստ է աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման։ «Վերջերս այս հարցին մէջ որոշ քայլեր առնուած են։ Համաձայն եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցալուծումը կը գտնուի միջազգային իրաւունքի հարթութեան վրայ. համապատասխան աշխատանք կը տարուի բոլոր ուղղութիւններով», ըսած է Մետվետեւ։
Խօսելով Ռուսիա-Ատրպէյճան համագործակցութեան մասին՝ Մետվետեւ ընդգծած է, որ «լաւ կը զարգանան կառավարութեան մակարդակով, ինչպէս նաեւ առեւտուրի գծով կապերը։ Հարկ է աշխուժացնել գործնական կապերը՝ հաշուի առնելով, որ մեր երկիրները ճգնաժամէն դուրս եկած են»։
Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Մետվետեւին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերելուն համար։ «Ձեր անձնական մասնակցութիւնը կարեւոր ու դրական դեր կը խաղայ», աւելցուցած է Ալիեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.