Դրամը Յանցանք Չունի
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Դրամի ու հարստութեան մասին այնքան տարբեր կարծիքներ ու տեսակէտներ գոյութիւն ունին, որ կարելի չէ՛ ընդհանուր համակարգում կատարել, եւ բանաձեւել չափերն ու հասկացողութիւնները իւրաքանչիւր մարդու, այս մասին ունեցած ըմբռնողութեան: Սակայն, կարելի է որոշ խմբաւորումներ ստեղծել, պարզապէս ցոյց տալու, դրամին նկատմամբ մարդոց ունեցած կապուածութեան տարողութիւնը:
Առաջին իսկ առիթով ըսենք, որ դրամը ինք յանցանք չունի: Չէզոք նիւթը ինչպէ՞ս կրնայ յանցանք ունենալ, կամ զգալ այն՝ ինչ որ կը զգան մարդիկ իր մասին: Կուռքերը, որոնք դարերով պաշտուեցան անքաղաքակիրթ մարդոց կողմէ, որոնք տգիտութեան զոհերը եղան երկար ժամանակ, իրենք չէին կրնար գիտնալ թէ մարդիկ ի՞նչ զգացումներով ու ապրումներով կը մօտենային իրենց: Փայտի նախշազարդ կտոր ըլլալով, կամ յղկուած ու ձեւաւորուած երկաթ ըլլալով, այդ կուռքերը անշունչ առարկաներ են, պարզապէս երբեմն մարդակերպ կամ կենդանակերպ արտաքիններով, որոնք բնականաբար շնչաւոր էակներու տպաւորութիւնը կը թողէին հեթանոս մարդուն վրայ:
Հին Կտակարանի աստուածածանօթ ժողովուրդը, որ նոյնիսկ զօրաւոր առաջնորդ իբրեւ ունեցաւ Մովսէսը, ու դուրս եկաւ Եգիպտոսի երկար տարիներու ստրկութենէն, հակառակ անապատային ճամբորդութեան ընթացքին Աստուծմէ վայելած հրաշալի բարիքներուն, կռապաշտ դարձաւ, իր ունեցած արծաթով ու ոսկիով կենդանակերպ կուռք ձուլելով ու անոր երկրպագութիւն ընելով:
Ելից գիրքին մէջ կը կարդանք, որ երբ Մովսէս Սինա լեռ բարձրացաւ Աստուծոյ հետ հանդիպելու եւ տասնաբանեայ պատուիրանները ստանալու Անկէ, ժողովուրդը տեսնելով որ կ՛ուշանայ այն Մովսէսը, որ զիրենք Եգիպտոսէն դուրս բերաւ, մտահոգուելով անգլուխ մնալու կացութենէն, վախի ազդեցութեան տակ ոսկիէ հորթ ձուլեց ու զանիկա պաշտեց իբրեւ աստուած:
Ընկերային վախը, որ կենդանական աշխարհին մէջ խմբակային դրութեամբ ապրելու ձեւով կը փարատի, բանական մարդուն պարագային տարօրինակ ապրումներու ծնունդ կու տայ: Այսպէս, ապագայի անորոշութիւնը մարդը կը մղէ նիւթապէս ապահովութիւն ստեղծելու ճիգ թափելու: Նոյն մտահոգութիւնը մղում կու տայ երբեմն անյագօրէն նիւթին կառչելու, դրամ դիզելու, միշտ նպատակ ունենալով ապագայի ապահովութիւնը: Սա ընկերային վախի ազդեցութեան բերումով կը կատարէ մարդ, յատկապէս երբ ընտանեկան յարկի պատասխանատութիւնը, ու զաւակներու խնամքը դրուի իր ուսերուն:
Այնպէս ինչպէս անապատին մէջ թափառող եբրայեցիները վախցան անգլուխ մնալէ, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր տան պատասխանատու անձը՝ հայր թէ մայր, իրենց ընտանիքը անգլուխ՝ անապահով ձգելու վախէն կը սոսկայ: Վտանգի պահուն մայր հաւը իր թեւերուն տակ կը պահպանէ իր ճուտիկները: Պատկեր՝ որ Յիսուս ինք ալ օգտագործած է, փափաքելով Աստուծոյ ժողովուրդին զաւակները ժողվել իր թեւերուն տակ, այսինքն՝ Աստուծոյ հնազանդութեան մէջ պահել զանոնք:
Նոր Կտակարանի ուսուցիչ առաքեալները միշտ զգուշացուցած են իրենց հետեւորդ հաւատացեալները կռապաշտութենէ: Որովհետեւ յատկապէս հեթանոսութենէ եկած նորադարձները, իրենց հայրենի սովորութիւններուն նկատմամբ խոր յարգանք ունէին: Եթէ ո՛չ իբրեւ կրօնական հետեւողութիւն, գէթ ազգային պարտականութիւն կը համարէին իրենց հայրերու հաստատած տօնական որոշ օրերուն, հեթանոսներու կազմակերպած հանդիսութեանց ներկայ գտնուիլը, որոնց ընթացքին այս կամ այն կուռքին պաշտամունք կ՛ընծայուէր: Այդ առիթներուն նաեւ կենդանիներ կը զոհուէին կուռքերուն, որոնց միսէն բաժին կը ստանային անոնք: Առաքեալը այս մասին եւս պատուէրներ կու տայ, որպէսզի ոեւէ մէկը գայթակղութեան մէջ չիյնայ:
Նոր օրերու կռապաշտութեան ամէնէն ցայտուն օրինակը դրամասիրութիւնն է: Դարձեալ, կրկնելու սիրոյն պէտք է կրկնել, թէ դրամը ինք յանցանք չունի: Մարդուն, անոր հետ վարուեցողութեան մէջ է սխալը: Թէ ինչպէ՞ս կը վարուիս նոյնիսկ ճակտիդ քրտինքով վաստկած դրամիդ հետ, այդ վերաբերումիդ ճամբով կարելի է հաստատել թէ սխալդ ինչի՞ մէջ կը կայանայ:
Վերոյիշեալ այս կռապաշտութեան զոհերը երկուք են. ա) դրամ հաւաքողը, բ) զայն ունեցողին ձեռքին տակ տառապողը:
Մարդկային ընկերութեան տարբեր խաւերուն մէջէն այս երկուքը կարելի է առանձնացնել այս շրջագծին մէջ: Առաջինները անոնք են, որոնց հիմնական նպատակը ո՛չ թէ դրամով փոփոխութիւն յառաջ բերելն ու յառաջդիմութիւն արձանագրելն է կեանքի մէջ, այլ՝ միայն հաւաքել, դիզելու համար: «Բնական» ագահութեան չափազանցուած ու անիմաստ տեսակն է այս: Նման նկարագրով մարդոց քով տեսնուած միւս երեւոյթը այն է, որ ասոնք նաեւ լաւ ճառախօսներ կ՛ըլլան դրամի մասին: Իրենց բերնի բացուելուն հետ, անմիջապէս «դրամ»ը կ՛ըլլայ լսուող առաջին բառը: Իսկ իրենց խօսքի աւարտին, անպայման դարձեալ կ՛արտասանեն նոյն բառը, դեռ չհաշուած՝ անոր միջանկեալ անհաշիւ գործածութիւնները:
Աւելի վտանգաւոր ճառախօսներ կ՛ըլլան անոնք, որոնք ոչ արդար միջոցներով կը կատարեն «դրամահաւաք»ի իրենց գործը, իրաւազրկելով արդար մարդիկ, ու յափշտակելով անոնց իրաւունքը: «Մեծապատիւ գողեր» պիտի ըսէր կեանքի փորձառութիւն ունեցող բարեկամս: Դրամին ամենակարողութեան ջատագով այս անձերը, դրամի յենարանին կքած իրենց ամբողջ մարմինով, ծաղր ու ծանակ կը դարձնեն արդար հացի ետեւէ ինկած բանուորները, առանց խղճալու անոնց կրած յոգնատանջ աշխատանքին: Դարձեալ նոյն բարեկամս մխիթարական շեշտով կ՛ըսէր.
Մի՛ մտահոգուիր, գողին օրերը համրուած են, ընդհանուր գումարը 40 է:
Այսինքն գողութիւնը ծածուկ չի՛ մնար, եւ անպայման ի յայտ պիտի գայ մութին մէջ անոր կատարած յափշտակութեան վատ արարքը:
Դարձեալ, կրկնելու սիրոյն ըսենք, որ դրամը ինք յանցանք չունի, այլ՝ դրամ դիզելու անյագ ու մնայուն ցանկութիւնն է սխալը: Նոյնպէս ալ, հարուստ ըլլալը յանցանք չէ՛, այլ հարուստ ըլլալու մնայուն ցանկութիւնն է մարդուն յանցանքը, երբ մանաւանդ այդ հարստութիւնը ո՛չ մէկ բանի պիտի ծառայէ, եւ կամ միայն նեղ շրջագիծի մէջ սեփական սպառումով պիտի փճանայ:
Երկրորդ խումբի մարդիկը անոնք են, որոնք անխիղճ դրամատէրի ձեռքին տակ տառապագին կեանք կը վարեն: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Կուշտը անօթիին փորէն չի՛ հասկնար»: Իսկ այս երկրորդ խումբինները իրենց նուիրեալ աշխատանքով անյուսօրէն կը սպասեն գնահատուիլ, կամ գէթ գութ կ՛ակնկալեն իրենց նմանէն:
Դրամին «անմեղ» ըլլալը, իբրեւ անկենդան նիւթ, յանցանքին ամբողջ ծանրութիւնը կը դնէ մարդ արարածին վրայ, որ իրեն ենթարկած ու ստրկացուցած է զանիկա: Մարդէն աւելի յարգի էակ չկա՛յ աշխարհի վրայ, ինչքան ալ նոր օրերու կռապաշտներ խունկ ծխեն դրամի տաճարին մէջ, փառաւորելով նոր օրերու աստուածը: