ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերի տեղակալ Մարք Թոնըր Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երկխօսութիւնը շարունակելու կոչ ըրած է Երեւանի եւ Պաքուի իշխանութեանց:
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ՝ «Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ պատասխան ունի՞ք արդեօք ղարաբաղեան գործընթացին մէջ ռազմատենչ հռետորաբանութեան աճին վերաբերեալ, երբ Հայաստանի նախագահը օրինակ կը սպառնայ այդ հարցը մէկընդմիշտ եւ յաւերժ լուծել՝ ուժի կիրառումով։ Ունի՞ք, արդեօք խորհուրդներ այդ կապակցութեամբ», Թոնըր ըսած է. «Ես տեղեակ չեմ այդ մեկնաբանութիւններէն։ Ես գիտեմ, որ մենք կը շարունակենք մասնակցիլ Մինսկի գործընթացին, սակայն տեղեկութիւններ չունինք այդ կապակցութեամբ։ Ես ուղղակի կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին պահպանելու երկխօսութիւնը եւ խուսափելու լարուածութիւնը աւելցնող հռետորաբանութենէ»։
Հայաստանի նախագահի վերոնշեալ յայտարարութիւնը կատարուած էր ի պատասխան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն։