ՓԱՐԻԶ, «ՓանԱրմինիըն».- Ըստ ֆրանսական «RTL2» ձայնասփիւռի կայանի մէկ հաղորդավարին, 2011ի Յունիս 6ին, «System of a Down» ռոք-խումբը ամբողջ կազմով հանդէս պիտի գայ Փարիզի «Օմնիսփորթ տը Պերսի» պալատին մէջ: Կ՛ակնկալուի, որ փարիզեան համերգը դառնայ այն բազում համերգներէն մէկը, զորս վերամիաւորուած խումբը պիտի տայ Եւրոպայի մէջ, 2011ի ամրան:
Նշենք, որ նախապէս տեղի ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, խումբի առաջատար Սերժ Թանգեանը խօսելով խումբի վերամիաւորման մասին՝ յայտնած էր, թէ «Շաւօն (Շաւօ Օտաճեան, պաս-կիթառահար) վերջերս ամուսնացաւ, եւ անոր հարսանիքին մենք որոշեցինք, որ ընկերներ պիտի մնանք. ոչինչ փոխուած է, մենք առաջարկներ ունինք շրջագայութիւններու եւ ներկայացումներու վերաբերեալ, ու պարբերաբար կը քննարկենք ատիկա: Դեռեւս որոշում չէ կայացուած. եթէ որեւէ բան փոխուի, մենք կը յայտարարենք այդ մասին»: